ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԶՈՅԳ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԳԻՆԵՁՕՆ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը։ Այսպէս, սա գինեձօնն էր «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերուն։ Ուրախառիթ է, որ հակառակ Լիբանանի առկայ բարդ պայմաններուն, համալսարանի գործունէութիւնը կը մնայ կայուն հունի մը մէջ՝ հրատարակչական ծրագրերով հանդերձ։ Պատասխանատու խմբագիր տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանի մականին ներքեւ՝ ներկայիս «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 43-րդ հատորի առաջին գիրքին պատրաստութեան աշխատանքներն ալ սկսած են։

42-րդ հատորի երկու գիրքերու շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, հանդէսի աւագ աշխատակիցը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, պատմաբան տքթ. Զաւէն Մսըրլեան, Մխիթարեան միաբանութենէն խումբ մը սաներ, խմբագրակազմի անդամներ, հանդէսի բարեկամներ եւ հիւրեր։

Հանդէսի խմբագիր տքթ. Արմէն Իւրնէշլեան ելոյթին մէջ նշեց, որ 42-րդ հատորէն սկսեալ «Հայկազեան»ը լոյս պիտի տեսնէ մէկ հատոր երկու գիրք դրութեամբ։

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Անդրանիկ Տագէսեան եւ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։

Հարկ է նշել, որ հանդէսի այս եւ նախորդ բոլոր հատորներուն նիւթերը հասանելի են առցանց՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գրադարանի կայքէջերուն վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023