ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԵՒ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ

Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարուած եւ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ միջազգային դերակատարներու կշիռը ծառայեցնել Լաչինի միջանցքի վերաբացման։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ, իսկ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Սթրազպուրկի մէջ էին։ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ, իսկ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունուեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ։

Կը հաղորդուի, որ Միրզոյեան-Պորել հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ որոշումը։ Զրուցակիցները շօշափեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի իրադարձութիւնները, Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան զար-գացման հարցեր, նաեւ անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Արարատ Միրզոյեան Ժոզէֆ Պորելի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վրայ։ Շեշտուեցաւ, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան տրամադրութիւններով՝ Ատրպէյճան անյապաղ պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։ Հայկական կողմը կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան կողմէ գործօն քայլերու իրականացումը՝ Լեռնային Ղարաբաղը էթնիք զտումներու ենթարկելու ուղղեալ Պաքուի քաղաքականութիւնը կանխարգիլելու համար։

Ռուբէն Ռուբինեանն ալ Մարիա Պուրիչին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապը։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ Եւրոխորհուրդի դիտորդական մարմինները պէտք է անարգել մուտք ունենան այս կազմակերպութեան գօտիէն ներս որեւէ տարածք։ Ռուբինեան կոչ ուղղեց սաստկացնել ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ, միջանցքի անյապաղ բացումը ապահովելու համար։

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ «Անհրաժեշտ է առկայ փակուղիէն դուրս գալու լուծում մը գտնել, ինչ որ պիտի ապահովէ տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութիւնը», նշեց ամերիկացի դիւանագէտը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի ամբողջապէս վերականգնուի Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023