ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐԻԷՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «The World Press Photo 2023» ցուցահանդէսը, որ բացուած է Ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի երդիքին տակ։ Ցուցահանդէսի լուսանկարները կը ցոլացնեն անցեալ տարուան իրադարձութիւններէն վառ դրուագներ, որոնք այս տարուան համար բանալիներ կը մատուցեն։

Հայաստանի Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառի տնօրէն Մարք Գրիգորեան, ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024