ԱՆԱՍԹԱՍԻԱՏԻՍ ԼԱՒԱՏԵՍ

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Նի­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տիս «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­րե­ւե­լեան Մի­ջերկ­րա­կա­նի պա­րա­գա­յին պի­տի ա­պա­հո­վէ խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան դրա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս հա­ւա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար կրնան ա­պա­հո­վել կա­յու­նու­թիւն։

Ա­նաս­թա­սիա­տի­սի խօս­քե­րով, ան­ցեալ տա­րուան  Մա­յիս ա­մի­սէն ի վեր յա­ռաջ կը տա­րուին խտա­ցեալ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնց նպա­տակն է հաս­նիլ հա­մա­պար­փակ լու­ծու­մի մը։ «Կիպ­րա­կան հար­ցին շուրջ ե­թէ հաս­նինք լու­ծու­մի մը, ա­պա դի­ւա­նա­գի­տու­թիւնն ու պատ­րաս­տա­կամ դիր­քո­րո­շու­մը պար­տու­թեան մատ­նած պի­տի ըլ­լան անվս­տա­հու­թիւ­նը։ Իմ խո­րին հա­մոզ­մամբ, սա օ­րի­նա­կե­լի պի­տի ըլ­լայ այն ա­ռու­մով, որ ինչ­պէս կա­րե­լի է նպաստ մը բե­րել նոյ­նիսկ ա­մե­նախր­թին մի­ջազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Ա­նաս­թա­սիա­տիս եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­րե­ւե­լեան Մի­ջերկ­րա­կա­նէն ներս ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան փո­խել տա­րած­քաշր­ջա­նի ճա­կա­տա­գի­րը ու ա­նոր դի­մա­գի­ծը։

 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016