ԹԵՐԱՀԱՒԱՏ ՍՊԱՍՈՒՄ
Սուրիոյ ներքին պատերազմը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը՝ իր բոլոր ողբերգական հետեւանքներով, նաեւ լուծման հեռանկարներուն վերաբերեալ վարկածներով։ Մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր համայն մարդկութիւնը բառին բուն իմաստով կը ցնցուի՝ ականատես ըլլալով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած աննկարագրելիօրէն ծանր իրավիճակին։ Մարդասիրական բարի տրամադրութիւններով, սկզբունքային դրական վերաբերմունքով հանդերձ, մարդկութիւնը նաեւ անզօր կը մնայ հետեւանքները դարմանելու առումով, որովհետեւ գաղթականաց մեծ ալիքը իր ազդեցութեան տակ կ՚առնէ բազում երկիրներ՝ իւրաքանչիւրին համար անակնկալօրէն ծնունդ տալով ինչպէս ընկերատնտեսական, այնպէս ալ քաղաքական նոր մարտահրաւէրներու։
Առկայ անելին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ միջազգային ընտանիքը այսօր դրական սպասումի մը մէջ է Սուրիոյ պարագային։ Արդարեւ, այսօր կէս գիշերէն սկսեալ բռնութիւնները, ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրին ամբողջ Սուրիոյ տարածքին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ջանքերով ուրուագծուած է այս հեռանկարը։ Թէեւ առհասարակ մեկնաբանները թերահաւատութեամբ կ՚արժեւորեն հեռանկարները ու մեծ յոյս չեն յայտներ մշտական հրադադարի մը հասնելու ուղղութեամբ, սակայն ներկայ յոյսի նշոյլն իսկ մեծ երեւոյթ մը կը համարուի Սուրիոյ տեսանկիւնէն։ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի Նախագահները՝ Պարաք Օպամա եւ Վլատիմիր Փութին, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով բազմակողմանի աշխատանք տարած են ներկայ մթնոլորտը ապահովելու համար։ Ամուլ հրադադարի մը մտահոգութեամբ հարցականները թէեւ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը, սակայն միւս կողմէ բոլորը հակուած են հաւատալու, թէ պաշտօնական որոշումը ըլլայ վճռական ու չմնայ թուղթի վրայ։ Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի եւ անոր կողքին դիրք գրաւած Ռուսաստանի տեսակէտէ կրնայ նպատակայարմար չնկատուիլ այս հրադադարը։ Անոնք, որոնք կը հետեւին դէպքերուն ու քաղաքական իրադարձութիւններուն՝ անմիջապէս կը մատնանշեն, թէ այս որոշումը պիտի ընդհատէ ռուսական օժանդակութեամբ Սուրիոյ բանակին կողմէ վերջին շաբաթներուն արձանագրուած յառաջխաղացումը, ուստի իսկապէ՞ս կարելի է խօսիլ հրադադարի մը հեռանկարին շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյն հանգամանքը այն է, որ նախատեսուած հրադադարը կը վերաբերի այն հակամարտ ուժերուն, որոնք մաս չեն կազմեր ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին։ Այսինքն, հրադադար մը պիտի հաստատուի Սուրիոյ բանակին եւ երկրի չափաւոր ընդդիմութեան ուժերուն միջեւ։ Այդ ծիրէն դուրս պիտի մնան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումները։
Մօտաւոր անցեալին Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման որոնումներու մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակին վրայ ապրուեցաւ դիւանագիտական խտացեալ երթեւեկ մը։ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ հասունացաւ թէեւ այս գործընթացը, սակայն ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած չէր։ Մասնաւորապէս Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը փորձեց երաշխիքներ ապահովել իսլամական աշխարհի սիւննի հատուածի յառաջատար երկիրներէն։ Ուշագրաւ էին Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաստատած կապերը Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին եւ Քաթարի Էմիր Թամիմ Պին Համատ Էլ Թանինի հետ։ Յառաջիկայ ամիս Սելման թագաւորը կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ ռազմաօդանաւերն ալ արդէն կը հասնին Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը՝ միանալու համար միջազգային համախոհութեան հակաահաբեկչական գործողութիւններուն։ Ակնկալուած հրադադարէն կարճ ժամանակ առաջ, վերջին օրերուն, Սուրիոյ բանակը խտացուց իր գործողութիւնները մասնաւորապէս Հալէպի շուրջ։ Էսատի ենթակայ զօրքերը ամրապնդեցին վերահսկողութիւնը այն մայրուղիին վրայ, որով քաղաքը կը մատակարարուի հիմնականօրէն։ Հասկնալի է, որ Հալէպի իրադրութիւնը կը պայմանաւորէ ամբողջ հաւասարակշռութիւնները։
Տակաւին հիմնական հարցերու շարքին կը դասուի, թէ Հալէպի, Տարայի եւ Ռաքքայի վրայ յարձակումները, այդ քաղաքներուն շուրջ բախումները ի՞նչ տարողութիւն պիտի ունենան։ Հետեւաբար, այժմէն գրեթէ պարզ է, որ երկշաբաթեայ հրադադարի մը յոյսերը կան, սակայն հորիզոնին վրայ չեն բացառուած նոր բախումները։ Առաջին հերթին ակնկալուած արդիւնքները երաշխաւորելու համար ԱՄՆ եւ Ռուսաստան պաշտպանութիւն կը խոստանան այն խմբաւորումներուն համար, որոնք պիտի հնազանդին այդ հրադադարին։
Միւս կողմէ, Թուրքիան ալ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ բոլոր իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը քանի մը օր առաջ արդէն պաշտօնապէս ողջունած էր հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Իսկ երէկ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հանդէս եկաւ իսկապէս կարեւոր յայտարարութիւններով, որոնք եկան յստակօրէն պարզաբանել, թէ տարածքաշրջանի ներկայ հաւասարակշռութիւններու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը խրախուսէ դրական հեռանկարները, սակայն կը պահպանէ նաեւ վճռականութիւնը՝ իր տեսանկիւնէն հրատապ կամ առաջնահերթ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտնեց, թէ նախատեսուած հրադադարը կը վերաբերի Սուրիոյ տարածքին։ Վարչապետը կրկնեց, թէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-էն Թուրքիոյ տեսակէտէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը կը համարուի ԻՇԻՊ-ի կամ «Նուսրա»ի նման։ Իր խօսքերով, նախատեսուած հրադադարին մէջ ԵՓԿ-ի պարագային չկայ նման ակնարկութիւն մը, մինչդեռ իրականութեան մէջ պէտք է ըլլար։ «Բան մը պէտք է ըլլայ պարզ. այս հրադադարը ի զօրու է Սուրիոյ համար, այն կողմերուն համար, որոնք կը բախին Սուրիայէ ներս։ Եթէ կողմերէն մէկը սպառնալիք յառաջացնէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ խնդրոյ առարկայ դառնայ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը, ապա այդ հրադադարը որեւէ ձեւով պարտադիր չ՚ըլլար մեզի համար։ Եթէ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դառնայ, ապա անհրաժեշտը կ՚ընենք առանց ոեւէ մէկուն հարցնելու, առանց ոեւէ մէկուն հաւանութեան, որովհետեւ այդ կէտէն սկսեալ խնդիրը կը դադրի Սուրիոյ վերաբերելէ ու կը վերածուի Թուրքիոյ վերաբերեալ հարցի մը», յայտարարեց վարչապետը։