ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՕԹ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

Այ­սօր Ի­րա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ «tert.am» կայքէջը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար եօթ հա­յազ­գի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րուած է։

Թեկ­նա­ծու­ներն են՝ Կա­րէն Խան­լա­րեան, Ի­վէթ Դա­նիէ­լեան, Ալ­պերթ Պօ­ղո­սեան, Ար­փի Թահ­մա­զեան, Անդ­րա­նիկ Սի­մո­նեան, Ժոր­ժիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Վրէժ Տէր-Մար­տի­րո­սեան։

Իրանի 10-րդ գումարման խոր-հըրդարանի ընտրութիւններուն ընդառաջ հայազգի երեսփոխա-նական թեկնածուներէն Կարէն Խանլարեան ըսաւ, թէ բոլոր հայ թեկնածուները կը մտածեն երկրի շահերուն եւ հայ համայնքի ընկերատնտեսական կեանքին մասին։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016