ՀԱՄԱՏԵՂ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները կը պատրաստուին կնքել ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նիւթը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովի օրակարգին վրայ։ Նախարարաց խորհուրդը արդէն հաւանութիւն յայտնած է այս նախագծին համար։
Վերոյիշեալ համաձայնագրով կը նախատեսուի ռազմական նշանակութեամբ արտադրանքի մատակարարում, նորոգում, արդիականացում, շահագործում եւ թեքնիկ սպասարկում, ռազմական նշանակութեամբ թոյլատրուած արտադրատեսակներու արտադրութեան կազմակերպում, արտադրանքի հետազօտում եւ մշակում։ Նոյն շրջագծով պիտի իրականացուի նաեւ մատակարարման համար նախատեսուած ռազմական արտադրանքի որակի հսկողութեան ապահովումը, մասնագէտներու եւ թեքնիկ անձնակազմի ուսումնական հաստատութիւններու մօտ վերապատրաստութիւնը։
Այս համաձայնագիրը կ՚ենթադրէ հայկական եւ չեխական ձեռնարկութիւններու համագործակցութիւնը, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու միջեւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ոլորտէ ներս առանձին պայմանագրերու կնքմամբ։
Կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդէս եկաւ այս նիւթին վերաբերեալ բացատրութիւններով։ Ըստ Օհանեանի, սոյն համաձայնագրով կը նախատեսուի երկու երկիրներու միջեւ զարգացնել ռազմական արտադրանքը։