ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԷ

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նը (Ե­ՄԻԱ) ե­րէկ ար­ձա­կեց վճիռ մը, ո­րով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է 3600 եւ­րօ փոխ­հա­տու­ցում վճա­րէ Թա­մա­րա Դո­մա­զեա­նին։ Այս վեր­ջի­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի է եւ ներ­կա­յիս կը բնա­կի Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։

Թա­մա­րա Դո­մա­զեան 2007 թուա­կա­նի Մա­յի­սին Ե­ՄԻԱ-ի մօտ բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ՝ զրկուած ըլ­լա­լով դա­տա­րան դի­մե­լու ի­րա­ւուն­քէն։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րա­դա­տա­կան մար­մին­նե­րը մեր­ժած էին ըն­դու­նիլ քա­ղա­քա­ցիա­կան գոր­ծով իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­մէ կա­տա­րուած դի­մու­մը։ «Դո­մա­զեա­նը՝ ընդ­դէմ Հա­յաս­տա­նի» գոր­ծի քննարկ­ման ար­դիւն­քին՝ Ե­ՄԻԱ յան­գած է այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ խախ­տուած է են­թա­կա­յի դա­տա­րան հա­սա­նե­լիու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Ուս­տի, դա­տա­րա­նը վճռած է, որ Հա­յաս­տան վճա­րէ 3600 եւ­րօ՝ որ­պէս ոչ-նիւ­թա­կան վնա­սի փոխ­հա­տու­ցում։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016