ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կե­ցին Մոս­կուա­յի եւ Պա­քուի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ շարք մը խնդիր­նե­րը։

Քրեմ­լի­նի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Փու­թին եւ Ա­լիեւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք ընդգ­ծած են Սու­րիա­յէ ներս մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման շուրջ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան ի­րա­գործ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճան այս շրջա­նին կը վե­րա­կանգ­նէ Ռու­սաս­տա­նի վրա­յով նաւ­թի տա­րան­ցու­մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի Պե­տա­կան նաւ­թի ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ ՍՕ­ՔԱՐ եւ Ռու­սաս­տա­նի «Թրանս­նեւթ» բաժ­նե­տի­րա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը 1 Մար­տէն սկսեալ քա­րիւ­ղը Պա­քու-Նո­վո­րո­սիսկ նաւ­թա­տար խո­ղո­վա­կա­շա­րի վրա­յով փո­խադ­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ ստո­րագ­րե­ցին պայ­մա­նա­գիր մը։ Նա­խա­պէս կը ծրագ­րուէր տա­րե­կան շուրջ 1.3 մի­լիոն թոն քա­րիւ­ղի փո­խադ­րում, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ յայտ­նի դար­ձաւ, որ ծա­ւալ­նե­րը քիչ մը ա­ւե­լի նուազ պի­տի ըլ­լան։ Այս պայ­մա­նա­գի­րը կ՚են­թադ­րէ նա­խա­պէս կի­րա­ռուած դրու­թեան նման պայ­ման­ներ։

Ատր­պէյ­ճան 1997 թուա­կա­նէն ի վեր քա­րիւղ կը փո­խադ­րէ Պա­քու-Նո­վո­րո­սիսկ խո­ղո­վա­կա­շա­րի մի­ջո­ցաւ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Պե­տա­կան մաք­սա­յին կո­մի­տէին տուեալ­նե­րով՝ ան­ցեալ տա­րի ՍՕ­ՔԱՐ այս «հիւ­սի­սա­յին» խո­ղո­վա­կա­շա­րի մի­ջո­ցաւ 1.2  մի­լիոն թոն քա­րիւղ փո­խադ­րած էր։ «Թրանս­նեւթ»ը 2016 թուա­կա­նին հա­մար ցարդ չու­նէր պայ­մա­նա­գիր մը եւ այդ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած է քա­նա­կի վե­րո­յի­շեալ նուա­զու­մը։ Ար­դա­րեւ, ներ­կայ տա­րուան ա­ռա­ջին եր­կու ա­միս­նե­րուն ՍՕ­ՔԱՐ այդ եր­կա­թու­ղիով ո­րե­ւէ փո­խադ­րում չէ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016