ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ UNHCR
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Փետրուարի 24-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ սուրիահայերու խնդիրներուն նուիրուած աշխատաժողով մը: Այս ժողովը կը կարեւորուէր մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմնին՝ UNHCR-ի հայաստանեան մարմնի եւ այս առթիւ տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած անոր մասնագէտներու ներկայութեամբ: Սփիւռքի նախարարութեան կողքին կարեւոր ներկայութիւն էին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւ Երեւանի մէջ գործող Հայաստանէ ներս սուրիահայոց հիմնախնդիրներուն լուծման հետամուտ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Բացման հանդիսութեան յատուկ ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Աշխատանքի նախարար Արտեմ Ասատրեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի Հայաստանի գրասենեակէն Պրետլի Պուսեթօ:
Խօսք առնող պատասխանատուներէն իւրաքանչիւրը, իր ոլորտին մասին խօսելէ բացի շեշտը դրին սուրիահայերու խնդիրներուն հարցերով մարմիններուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու մասին: Հանդիպման նոյնիսկ առաջարկ եղաւ ստեղծել յատուկ մարմին մը, որ պիտի համակարգէր ամբողջ աշխատանքը ու մանաւանդ սուրիահայերու խնդիրները ներկայացնէր եւ քննարկէր ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմիններուն մօտ:
Շուրջ տասն օր առաջ Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ խօսելու պահուն նշած էր, որ այսօր Հայաստանի մէջ կ՚ապրին շուրջ տասնվեց հազար սուրիահայեր: Ու այս թիւը անտեսելի թիւ մը չէ, միջազգային պատկան մարմիններուն մօտ գաղթական կամ ապաստանեալ սուրիահայերու անհրաժեշտ ու կարեւոր օժանդակութիւններ տրամադրելու տեսակէտէն: Տարբեր առիթներով այս թեման բարձրաձայնուած է տարբեր ամպիոններէ եւ շատ անգամներ այս խնդիրը համապատասխան արձագանգի չէ արժանացած: Ճիշդ է, որ սուրիահայերը եկած են իրենց հայրենիք՝ Հայաստան, բայց եւ այնպէս անոնց ապրած ոդիսականը, տնտեսական ծանր վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները զանոնք կը դնեն գաղթականի կամ փախստականի նոյն հարթակին վրայ: Նշեմ, որ աշխատանոցը կը կրէր «Մարդասիրական արձագանգէ դէպի կայուն լուծումներ» ընդհանուր խորագիրը եւ ամբողջ օր մը տեւած այս ժողովին ընթացքին հնչեցին մի քանի առաջարկներ, որոնք ամէն պարագայի արժանի են յատուկ շեշտադրումներու:
Կարեւոր ու շինիչ էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի դիտարկումը: Փանոսեան կ՚առաջարկէր սուրիահայերու խնդիրներուն մօտենալ պատրաստելով ու միջազգային մարմիններուն ներկայանալով յատուկ ծրագրերով: Այս կարծիքին էին նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող միջազգային փորձագէտները: Այսինքն, եթէ գաղթականներուն համար որեւէ նիւթական աջակցութիւն պէտք է, կարեւոր էր, որ այդ նեցուկին փոխարէն ներկայացուէին յատուկ եւ համակարգուած այնպիսի ծրագրեր, որոնք կը յաջողին տրամադրուած գումարները վերստին ապահովել: Այս մեքանիզմը կրնար օգտակար ըլլալ այն իմաստով, որ տրամադրուած գումարները, որպէս ողորմութիւն պիտի չտրուէին մեր հայրենակիցներուն, այլ անոնք պիտի տրուէին յատուկ գործնական ծրագրեր իրականացնելու եւ նիւթական եկամուտներ ապահովելու համար:
Կարեւոր էր նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մօտեցումը: Ան խօսելով այսօրուան իրադրութեան մասին՝ կը պատմէր, որ Հայաստանէն տարբեր միջոցներով Շուէտ հասնող սուրիահայեր այսօր կը դժգոհին եւ յայտնուած են բարդ դրութեան մը մէջ: Ու այդ առումով նախարարուհին տրամաբանական առաջարկով մը կը բացատրէր, թէ այսօր Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն նիւթական նեցուկի չափերը շատ աւելի նուազ պիտի ըլլան քան այն նիւթական գումարները, որոնց կարիքը պիտի ունենան մեր հայրենակիցները հոգալու համար իրենց ամենակենսական ծախսերը Շուէտի, Գերմանիոյ, Գանատայի եւ այլ երկինքներու տակ: Այս փրակմաթիզմը կը կարեւորուէր ու կրնար դրական իրավիճակ մը ստեղծել պայմանաւ, որ դրուած գումարները տրամադրուէին իրական եւ տրամաբանական կարճաժամկէտ ծրագրերու յաջողութեան համար:
Վերջին օրերուն շատ կը խօսուի մեր հայրենակիցներու դէպի Գանատա ապաստանելու ընթացքի մը մասին: Ու այս մասին խօսքերը բնականաբար հիմնուած են իրական եւ բաւական մտահոգիչ թիւերու վրայ: Վերջին ամիսներուն Երեւան ապրող սուրիահայեր նախ Պէյրութ կը մեկնին ու ապա կարճ միջոցի մը մէջ որոշ թղթատարական գործեր ընելէ ետք կը հասնին Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ: Այդ քաղաքներուն մէջ անոնք ունին ազգականներ եւ իրենց հասնելէն ետք ու որոշ ժամանակի մը համար կ՚ապաստանին անոնց մօտ: Գանատական մէկէ աւելի պարբերականներ իրենց էջերուն լայն տեղ տուած են գաղթական-սուրիահայերու օրակարգին: Ճիշդ է, որ արեւմտեան մամուլը ամէն գնով կը փորձէ վարդագոյն երանգներով ներկայացնել Գանատան, բայց եւ այնպէս իրականութիւնը այլ է: Դժուարութիւններուն հիմքը միայն լեզուի չիմացութիւնը, շրջապատին անծանօթ ըլլալը, երկրին ծանօթ չըլլալը չեն, այլ կան շատ աւելի խորքային խնդիրներ, որոնց մասին բնականաբար սուրիահայերը պիտի չուզեն խօսիլ: Անոնք կը նախընտրեն լռել: Ու այս արտահոսքերուն դիմաց, ինչ ալ ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն դրական եւ կամեցողական մօտեցումները, անոնք պիտի մնան ապարդիւն: Բնական է, որ այս խնդրին մասին արձագանգելը, բարձրաձայնելը կրնան օժանդակել, որ մեր հայրենակիցները գիտնան ճշմարտութիւնը: Անոնք պէտք է հասկնան մէկ բան, որ Արեւմուտքը, Գանատան, Մոնթրէալն ու Թորոնթօն դրախտ չեն: Հոն դրախտի ծառեր ու տերեւներ չկան: Ու այդ տեղի կեանքն ու մաշոյթը պիտի չօգնեն իրենց, որ մօտիկ անցեալին ձեւաւորուած ու այնքան սուտ «արեւմտեան դրախտ» դրուածքը աճի իրենց մէջ: Աճի ու մարմին դառնայ: Անոնք դառնան բարւոք ապրող քաղաքացիներ: Պահեն իրենց լեզուն եւ ապրին՝ որպէս լիարժէք հայեր: Եթէ նոյնիսկ շատեր առարկեն, թէ այս մօտեցումը ծայրայեղական է, երեւելի է սակայն, որ Հայաստան ապրիլը, Հայաստանի մէջ կտոր մը հաց վաստակիլը շա՛տ աւելի հեշտ է, ու շա՛տ աւելի քիչ ճիգով մը կարելի է նաեւ այսօրուան Հայաստանի մէջ գոյատեւել ու ապրիլ: Հայաստանի երազը միայն Հալէպի եւ Դամասկոսի նեղ ու խոնաւ փողոցներուն մէջ երգուող երգը չէ: Առնուազն այս առումով մեր հայրենակիցները պէտք է առանց վարանումի արժեւորեն այսօրուան պատմական առիթին խորքային իմաստը:
Սուրիահայերու նուիրուած այս ժողովը կը կարեւորուէր իր լրջութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումներով հարցերուն մօտենալու ունակութեամբ: Ամենէն կարեւորը այն է, որ աշխատաժողովին կը հնչէր յառաջիկայ աշխատանքները գործնական ծրագրերով հիմնաւորելու ու նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմիններէն ամբողջական նեցուկ ստանալու էական մօտեցումը, որուն համար Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն գնով պէտք է պատրաստի ծրագրեր մշակեն: Այդ ծրագրերը պէտք է բնականաբար զուգորդուին մանաւանդ Երեւանի մէջ գործող Սուրիահայերու հարցերով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած ծրագիր-առաջարկներով:
Կարեւոր վերջին կէտ մըն է նաեւ, որ սուրիահայերու խնդիրը պէտք է դառնայ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ամենակարեւոր օրակարգերէն մին, որովհետեւ այսօր Սուրիոյ շուրջ ընթացող բարձր մակարդակի բանակցութիւնները կը պատրաստեն նոր Միջին Արեւելքի մը առաջին եւ հիմնական բնօրինակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան