ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան բարեփոխումներէն վերջ երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Շարմազանով, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերն է, խորհրդարանէ ներս յայտարարութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Մենք այլեւս կ՚ապրինք նոր իրողութեան մը պայմաններուն ներքեւ, ինչ որ ունի իր պահանջներն ու մարտահրաւէրները։ Այդ պահանջներուն հիման վրայ՝ աստիճանաբար պիտի ձեւաւորուի նոր քաղաքական համակարգ մը»։
Շարմազանովի խօսքերով, ժողովըր-դավարութիւնը եւ բազմակարծութիւնը Հայաստանի մէջ այլըտրանք չունին։ Ակնյայտ է, որ նոր քաղաքական օրակարգի պայմաններուն ներքեւ շեշտակիօրէն պիտի բարձրանայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դերը։ Սա դրական երեւոյթ մըն է քաղաքական մշակոյթի ամրապնդման ուղղութեամբ, որովհետեւ առաջնահերթ պիտի դառնան գաղափարներն ու ծրագրերու պայքարը։ «Մենք կը մերժենք անձերու միջեւ պայքարը, փոխարէնը՝ կողմնակից ենք ազատ, հրապարակային բանավէճերու, որոնց արդիւնքին մեր հասարակութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ յստակ պատկերացում կազմելու իւրաքանչիւր կուսակցութեան գործունէութեան եւ գաղափարներուն մասին», ըսաւ Շարմազանով։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Հրանդ Բագրատեան երէկ խորհրդարանին մէջ ըսաւ. «Խօսքս ուղղուած է նա-խագահին եւ վարչապետին։ Ստեղծուած իրավիճակը խայտառակ է։ Այս ամէն ինչը հիմքէն սխալ է, սա սխալ համակարգ մըն է, Ռուսաստանի հետ կնքուած են սխալ պայմանագրեր, որոնք հնարաւոր չէ փոխել»։ Ծանօթ է, որ Հրանդ Բագրատեան Հայաստանի նախկին վարչապետներէն մին է։