ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ՝ ՔԻԵՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան յաղթական դուրս եկած է Քիեւի միջազգային մրցաշարքէն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը։ Քիեւի մէջ ընթացող ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի 97 քիլօկրամ քաշային կարգի եզրափակչին Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան հանդիպած էր ուքրանացի Տիմիթրի Թիմչենքոյի հետ։ Աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեանը 3-0 հաշուով յաղթեց ուքրանացիին։
Միւս կողմէ, 63 քիլօկրամ Սլաւիկ Գալստեան գետնեց (թուշ) Ուքրայնոյ ներկայացուցիչը եւ դարձաւ պրոնզէ մետայլակիր։ Նորայր Եախոյեան 1-4 հաշուով զիջեց իրանցի մրցակցին։ Իսկ Եդուարդ Սարգսեան (82 քիլօկրամ) հաւասար պայքարի մէջ 3-3 հաշուով զիջեց ատրպէյճանցի Էլվին Մուրսալիեւին։