ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ՝ ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին նիստին հաւանութիւն տուած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ համաձայնագրի մը ստորագրման։ Այդ փաստաթուղթը կը նախատեսէ, ի մէջ այլոց, Հայաստանի համար միջոցներ տրամադրել Սեւանայ լիճի խնդիրներու լուծման նպատակով:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այս մասին բացատրութիւններ տալով՝ ըսած է, որ կը նախատեսուի որպէս դրամաշնորհ 5 միլիոն եւրոյի յատկացում: Ծրագրի իրագործումը թոյլ պիտի տայ լիճի ջուրերուն գործածութեան զեղչումը եւ ջուրի որակին բարելաւումը:
Իր կարգին, Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Էրիք Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ ծրագրի շրջանակին մէջ կը նախատեսուի զտման երեք կայանի կառուցում Մարտունիի, Գաւառի եւ Վարդենիսի մէջ: Այդ նպատակով մշակուած է ճանապարհային քարտէս մը, որով Հայաստանի մէջ կը գտնուի միջազգային ճարտարագէտներու խումբ մը, որ կը մշակէ զտման կայաններու ծրագիրը։
Նախապէս Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի առընթեր Սեւանայ լիճի հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Եուրի Ճաւատեան յայտարարած էր, որ ապականութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը Գեղարքունիքի մարզի գրեթէ բոլոր բնակավայրերու կոյուղիներու Սեւանի մէջ պարպուիլն է։ Ըստ իրեն, թէեւ երեք կայաններ կը գործեն իբրեւ թէ լիճի ջուրի մաքրութեան համար, սակայն իրականութեան մէջ մաքրելէ աւելի կ՚աղտոտեն զայն, չեն խնայեր Սեւանի բնահամակարգը, որովհետեւ ջուրի զտումէն յետոյ յառաջացած թափօնները պէտք է ուղարկուին աղբավայր, սակայն այդ շրջանէն ներս չկայ նման համակարգ մը։
«Այսպէսով, մօտաւորապէս 340 թոն թափօն, որ դուրս կու գայ Սեւանէն, ինչ-որ տեղ կը թափուի, իսկ յետոյ գարնան գետերու ջուրերով թափօնները դարձեալ կը լենան լիճ: Բայց սա լիճի ջուրի աղտոտման միակ պատճառը չէ։ Միւս պատճառներէն մին է՝ 700 հեքթար ափամերձ տարածքէ ներս ծառերու հատուած ըլլալը։ Սա եղած է ծրագրաւորեալ ձեւով, սակայն մնացած են այդ ծառերու կոճղերը, որոնք փտած են եւ իբրեւ հետեւանք, պատճառ կը դառնան լիճի աղտոտման։ Ժխտական գործօններէն մին եղած է նաեւ «Լաւանտա» աւանի 300 փայտէ տուներու հեղեղումը։ Ի հետեւանք այս բոլորին՝ ջուրի մակարդակի արագ բարձրացումը հնարաւորութիւն չտուաւ իրականացնել անհրաժեշտ միջոցառումներու կատարման եւ այդ բոլոր հարցերու լուծման», նշած էր Եուրի Ճաւատեան։