ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԸ

Թուրքիա երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը դատապարտեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձը։ Երեւանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարեցին այս մասին, իսկ ընդդիմութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց, որ իշխանութիւնները կը վայելեն թրքական կողմին նեցուկը եւ այս երեւոյթը վերագրեցին դաւաճանութիւն։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա աշխարհի որեւէ երկրին մէջ դէմ է ռազմական յեղաշրջման, ուստի վճռականօրէն կը դատապարտէ նաեւ Հայաստանի մէջ կատարուած փորձը։

Ան երէկ կ՚այցելէր Պուտափեշտ, ուր Հունգարիոյ իր պաշտօնակցին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անդրադարձաւ այս իրադարձութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու ըսաւ.

«Մենք կը դատապարտենք որեւէ ռազմական յեղաշրջման կամ այլ նման յեղաշրջման փորձ՝ կարեւոր չէ, թէ աշխարհի ո՛ր երկրին մէջ տեղի կ՚ունենայ այդ բանը։ Մարդիկ իրաւունք ունին քննադատել իրենց երկրի կառավարութիւնը, պահանջել այդ կառավարութեան հրաժարականը։ Անընդունելի է, սակայն, երբ զինուորականները կը պահանջեն ընտրուած կառավարութեան հրաժարականը։ Այնպէս, որ մենք կը դատապարտենք Հայաստանի յեղաշրջման փորձը։ Ի դէպ, հնարաւորը պէտք է ընել, որպէսզի յեղաշրջման փորձերը չազդեն ամբողջ տարածքաշրջանին վրայ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կրակի դադրեցման գործընթացներ ծաւալուած են։ Տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւն հաստատելու լուրջ հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է եւ սա կարիք ունի լուրջ գնահատականի։ Տարածքաշրջանի պետութիւններէն ներս կայունութեան պահպանումը սակայն, եւս խիստ կարեւոր է։ Ռազմական յեղաշրջումներու փորձերը ապակայունացուցիչ ազդեցութիւն կ՚ունենան»։

Նախարար Չավուշօղլուի առընթեր, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ դատապարտեցին Հայաստանի ռազմական յեղաշրջման փորձը։ Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ յեղաշրջումները միշտ խախտած են ժողովրդավարական գործընթացները եւ պատճառ դարձած՝ քաոսի։ «Կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի արագ կարգաւորուի Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը», յայտնեց Քալըն։ Ֆահրետտին Ալթունն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ անգլերէն գրառումով մը՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի դէպքերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա միշտ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիներու ազատ կամքի կողքին դիրք գրաւած է։ Իր կարգին, Էօմէր Չելիքն ալ նոյնպէս ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով տեղեկացուց, որ ինչպէս միշտ՝ դէմ են ամէն տեսակ յեղաշրջման փորձի։ «Մեր տարածքաշրջանէն ներս չենք փափաքիր ապակայունացուցիչ դէպքերու յաւելումը։ Հայաստանի ռազմական յեղաշրջման փորձը պատճառ կրնայ դառնալ այնպիսի հետեւանքներու, որոնք կրնան հրահրել տարածքաշրջանի ապակայունութիւնը», նշեց ԱՔ կուսակցութեան բանբերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021