ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ ԱՐԴԷՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՁԵՌՔԻՆ ՄԷՋ ՉԷ…

Մէկ կողմէ նոր սկիզբ, միւս կողմէ դէպի «շրջանս իւր»։ Անկախ ամէն ինչէ ու հակառակ երէկ տեղի ունեցած հաւաքի հազարաւոր համակիրներու «զօրակցական» մասնակցութեան՝ Փաշինեան կը շարունակէ զառիթափն ի վար գլորուիլ։ Եթէ առանձինն գլտորէր, այդքան ալ մեծ մտահոգութիւններ պիտի չապրէինք, սակայն ան իր հետ վար կը տանի ամբողջ Հայաստանը։

Մինչեւ Փաշինեանի կողմէ արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգի տապալման «գործողութիւն»ը՝ երկիրը կ՚ապրէր համեմատական անդորր մը, տեսակ մը հրադադար, իսկ այդ օրակարգի տապալումէն ետք ընդդիմութիւնը կը բանար խաղի նոր կանոններ, որոնց մէջ էական տեղ կը գրաւէր, անշուշտ, հասարակութեան մօտ Փաշինեանի վարկանիշին ամէնօրեայ նահանջը։ Բաց աստի, բոլորիս համար երեւելի էր, որ հակառակ եղանակի բարդ պայմաններուն՝ ընդդիմութիւնը կը կարողանար իր ներուժը հաւաքել եւ, անշուշտ, կարեւոր յայտ մը տալ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին։ Նոր չէր, անշուշտ, որ ընդդիմութիւնը գրաւ կը դնէր ժամանակի գործօնին վրայ, ինչ որ անպայման պայմանաւորուած չէ գարնանամուտով, այլ Հայաստան պետութեան սպառնալիք հանդիսացող քանի մը գործօններու աճով։ Անոնց ամենէն ուղենշայինը ժողովրդային բողոքի ալիքի սաստկացումն էր, նաեւ տնտեսական իրավիճակի համընդհանուր փլուզման վտանգը, ինչ որ հիմա ալ ժամ առ ժամ կը շարունակէ մեծնալ ու տարածուիլ։

Ամէն պարագայի տակ յստակ էր արդէն, որ Փաշինեան անհանգիստ էր ընդդիմութեան նոր զարթնումով եւ այս պատճառով ալ կը նախաձեռնէր բաւական անյաջող հարցազրոյցի մը։ Սա ձեւով մը կը դառնար դեմոկլեան սուր իր եւ իր նեղ օղակի շրջանակի գործիչներուն համար։ Պարզ է, չէ՞, շատ պարզ, որ խռովայոյզ մարդը միայն ինքզինքին թոյլ կու տայ այնպիսի ամեհի սխալներ, որոնք կը դառնան իրական սպառնալիք երկրի անվտանգութեան ամբողջ համակարգին համար։ Այդ սպառնալիքներուն մեծագոյնը Հայաստանի Ազգային ժողովի Անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Իմ քայլը»ի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի բերնէն «թռած» սպառնալից խօսքերն էին, որոնք աւելիով կը լարէին երկրի վիճակը։ Քոչարեան առանձի՞նն, առա՛նց Փաշինեանի հետ խորհրդակցելու գացած էր այդ քայլին կամ թէ այդ սխալին համար Փաշինեան երբեք պատրաստ չէր «հաշիւ պահանջել» իր գլխաւոր ջատագովներու շարքին դասուող գործիչէն։ Ու այստեղ կը քակուէր կծիկը։ Քոչարեան կ՚ըսէր. «Մենք իրաւունք ունինք ուժային կառոյցներով պաշտպանել պետական շէնքերը»։ Հետեւաբար սա նաեւ կ՚ենթադրէր բանակը ներքաշել երկրի քաղաքական զարգացումներուն։

Զուգահեռաբար Փաշինեանն ալ գործեց աններելի սխալ մը՝ ներկայ իրավիճակին մէջ առարկելով Ռուսաստանի դէմ եւ զայն «մեղաւոր» համարելով, որ Հայաստանին վաճառուած այդ հզօրագոյն «Իսքանտար» հրթիռները այդքան ալ ազդեցիկ չեն եղած։ Այս խօսքերէն վերջ շատ արագ նկատելի դարձաւ, որ ինչպիսի ծանր մեղադրանքներ հնչեցին իրեն դէմ՝ թիրախ դարձաւ այս բոլորին առջեւ «մինակ» մնացած Փաշինեանը։ Ի դէպ, այս սխալին առընթեր, քիչ չեղան անոնք, որոնք Փաշինեանի այս քայլը համարեցին ուղղակի հարուած հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն դէմ։ Ոմանք համոզուած են, թէ այդ յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին «մահուան» փուլի մը մէջ։

Այս գերլարումէն ետք ընդդիմութիւնը դարձեալ թափ կը հաւաքէր ու իր հազարաւոր համակիրներով նոր երթ մը կը կատարէր՝ մինչ կը լսուէին շատ հատու պատասխաններ՝ ուղղուած բռնի ուժը ամէն գնով մերժելու մօտեցումին։

Այդ երթէն ետք Փաշինեան անարդարանալի որոշումով մը իր պաշտօնէն կը հեռացնէր Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի առաջին փոխ-նախագահ զօրավար Տիրան Խաչատրեանը. բան մը, որ առիթ կը դառնար յաւելեալ լարուածութեան։ Որպէս հետեւանք՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Օննիկ Գասպարեան կը նախաձեռնէր՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ տասնեակ զօրավարներու կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան հրապարակման։ Կայ վարկած, թէ Փաշինեան «շատ հանգիստ» ձեւով հակադարձեց բանակի զօրահրամանատարական կազմի ցնցիչ յայտարարութեան, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ։ Արդարեւ, անոր փութկոտ քայլերը, իր հին զէնքերուն, նաեւ հասարակութեան վստահելու հին միջոցին մէջտեղ հանուիլը զանազան իմաստներով ալ ցոյց կու տան, որ մարդը կ՚ապրի բաւական խորքային տագնապ մը։ Մէկ մարդու խաղ է, անշուշտ, եղածը եւ իր հետ նոյն հարթակին վրայ կանգնած գործիչները որեւէ ձեւով չեն կրնար կացութեան տէրը դառնալ, եթէ Փաշինեան պահ մը սայթաքի կամ յոգնութեան նշաններ ցոյց տայ։ Այս «նեղ մաճալին» Փաշինեան կը դիմէ խորամանկ քայլի մը՝ նոյնիսկ իր ամենաարմատական ընդդիմախօսները հրաւիրելով երկխօսութեան սեղանին։ Ուշացած քայլ մըն է, անշուշտ, անոր այս առաջարկը, որովհետեւ ընդդիմութեան համար ալ իր հետ երկխօսութեան նստելու բոլոր կանոնները սպառած են եւ առիթները «սպաննուած»։ Ահա այս վիճակին մէջ է նաեւ, որ ան կը խօսի «ռազմական յեղաշրջում» մը կանխողի դիրքերէն՝ մոռնալով, որ բանակին կողմէ իրեն տրուած երբեմնի նեցուկը արդէն իսկ պատմութեան էջերուն մէջ է։

Այս է պատկերը այսօրուան վիճակին ու շատ հաւանաբար յառաջիկայ փուլի արագ զարգացումները ստեղծեն ու բերեն համընդհանուր լիցքաթափման նոր փուլ մը, որ կրնայ պարունակել բաւական վտանգաւոր եւ մտահոգիչ վարկածներ։ Փաշինեան, որ երէկ ունէր բանակի զօրակցութիւնը, այսօր կ՚ապրի փետրաթափման վերջին փուլը, անշուշտ, միշտ փորձելով օգտուիլ ժամանակ շահելու իր հին-նոր վարքագիծէն։

Կը խօսի՞ ընդդիմութիւնը իր հետ եւ արդեօք բարեյաջող կ՚ընթանա՞յ երկիրը տագնապէ դուրս բերելու ամենակարեւոր եւ այս պահու միակ սահմանադրական ճանապարհը՝ արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը։ Այս հարցումին պատասխանը սարերու ետեւ չէ, պայմանով, որ Փաշինեան ինքզինք չօտարէ զինք շրջապատած տարբեր մակարդակի խոր խնդիրներէն, որոնց լուծման բանալին արդէն իսկ իր ձեռքին մէջ չէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021