ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑԱԾ ԶՕՐԱՎԱՐ ՕՆՆԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ վաւերացուցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման մասին։ Նախագահական աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ սա հերթական անձնակազմային փոփոխութիւն մը չէ։

Հայաստանի բանակին կողմէ երէկ կատարուած ծանրակշիռ յայտարարութիւնը տակնուվրայ ըրաւ ամբողջ երկիրը։ Նիկոլ Փաշինեան այս իրավիճակին մէջ փորձեց պաշտօնազրկել ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Ան պնդեց, որ բանակի յայտարարութիւնը եկած է, երբ ինք որոշած է փոխել ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Յամենայնդէպս, հակառակ ուղղութեամբ լուրերն ալ շատ են։ Նախագահ Սարգսեան առ այժմ ձեռնպահ կը մնայ վարչապետի այդ հրամանագիրը վաւերացնելէ։ Իր գրասենեակի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ այդ հրամանագիրը հասած է Արմէն Սարգսեանին, որ երեք օր ժամանակ ունի քննարկելու եւ արժեւորելու համար։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ իր համակիրներուն հետ կազմակերպած հանրահաւաքին ժամանակ տեղեկացուց, որ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Արմէն Սարգսեանի հետ։ Ըստ Փաշինեանի, Արմէն Սարգսեան իր հրամանը պէտք է վաւերացնէ, այլապէս ինքն ալ ռազմական յեղաշրջման փորձին մասնակից կը դառնայ եւ կամ զօրավար Օննիկ Գասպարեան ուղղակի պէտք է հրաժարի։

Վարչապետի այս սպասումներուն զուգահեռ Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակը ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ տեղեկացնելով, որ Արմէն Սարգսեան այս պահուն առաջնահերթ խնդիր կը նկատէ երկրէն ներս առկայ լարուածութեան թուլացումն ու իրավիճակի անցնցում հանգուցալուծումը։ Ուստի, նախագահ Սարգսեանի բոլոր գործողութիւնները այս պահուն ուղղուած են այս նպատակին։ Շեշտուած է նաեւ, որ Հանրապետութեան նախագահը ոեւէ մէկուն կամ որեւէ քաղաքական ուժին կողմնակից չէ, երբեւէ չէ եղած ու չի պատրաստուիր ըլլալ։ Ան գործառոյթները իրականացնելու ժամանակ կ՚առաջնորդուի բացառապէս պետութեան ու ժողովուրդի շահերով։ Նախագահ Սարգսեան կը կարեւորէ կայունութիւնն ու հանդուրժողութեան մթնոլորտը երկրէն ներս եւ պիտի շարունակէ ամէն ինչ ընել այդ ուղղութեամբ՝ համոզուած ըլլալով, որ խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեան, այլ ոչ թէ առճակատման միջոցաւ։

Ըստ նոյն յայտարարութեան, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ոեւէ մէկը որեւէ ձեւով պէտք չէ փորձէ նախագահը ներքաշել քաղաքական գործընթացներու։ Անթոյլատրելի նկատուած է նաեւ նախագահի վրայ ճնշում բանեցնելու ուղղեալ որեւէ փորձ։

Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակը այս առաւօտ ալ տեղեկացուց, որ Արմէն Սարգսեան կը նախատեսէ հանդիպում մը ունենալ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի հետ։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021