ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ ՀՈՐԻԶՈՆ

Հայաստանի հորիզոնին մշուշը կը թանձրանայ։ Երկրի քաղաքական կեանքէն ներս տեղի կ՚ունենան անթոյլատրելի իրադարձութիւններ, իշխանութիւնները հետզհետէ կը հեռանան ժողովրդավարութեան անգիր օրէնքներէն եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ ո՛չ միայն ժողովրդավարութիւնը կը վտանգուի, այլեւ՝ հայոց պետականութիւնը կործանման եզրին հասած է։

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններով Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապը մտահոգիչ հունով կը ճիւղաւորուի։ Դժբախտաբար, իրադարձութիւնները ազդանշաններ կու տան՝ հետզհետէ վերահսկելի սահմաններէ դուրս գալու ուղղութեամբ։ Երեւանի կեդրոնական հրապարակներուն եւ գլխաւոր պողոտաներուն վրայ տեղի կ՚ունենան հակադիր բեւեռներու երթեր, ցոյցեր, իրերամերժ խօսոյթներով հանրահաւաքներ։ Բարեբախտաբար, ցուցարարները պաղարիւնութիւն կը ցուցաբերեն իրենց սպասումները բարձրաձայնելու ժամանակ, սադրանքներէ չեն տարուիր, իրաւապահ մարմինները կը յաջողին օրէնքի ծիրին մէջ գործել եւ ժողովուրդի միասնականութիւնը այսպէսով տարրական ձեւով կը պահպանուի՝ նոյնինքն ժողովուրդի խոհեմութեամբ եւ զգօնութեամբ։

Երէկ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը հանդէս եկաւ աղմկարար յայտարարութիւնով մը, որ ռումբի ազդեցութիւն գործեց։ Այսպէսով հայկական բանակը պաշտօնապէս միացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան հրաժարականի պահանջին։ Փաշինեանի իշխանութիւնները, դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած թէժ իրավիճակին մէջ երկար ատենէ ի վեր շահարկումներ կ՚ընէին առանց խնայելու բանակը, որ մեծ թիւով զոհեր տուած է։ Վերջին անգամ մէկ-երկու օր առաջ Նիկոլ Փաշինեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին պնդեց, թէ ռուսական «Իսքանտար» հրթիռները արդիւնաւէտ չեն եղած պատերազմի ժամանակ։ Մոսկուա պաշտօնապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնները։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ իրենց հաւաստի տեղեկութիւններով այդ հրթիռները չեն օգտագործուած պատերազմի ժամանակ եւ անոնց ամբողջ զինապահուստը կը գտնուի հայկական պահեստներու մէջ։ Վարչապետի այս յայտարարութիւնները ո՛չ միայն Մոսկուայի կողմէ հերքուեցան, այլեւ Հայաստանի մէջ ալ միանշանակ չընկալուեցան։ Ընդհանուր սպայակոյտի առաջին փոխ-նախագահ Տիրան Խաչատրեանն ալ այդ պնդումները հերքեց։ Բարձրաստիճան հրամանատարի այդ հերքումը պատճառ դարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ անհաւատալի քայլի մը առնուելուն։ Արդարեւ, Փաշինեան պաշտօնազրկեց զօրավար Տիրան Խաչատրեանը, որուն տակաւին շատ կարճ ժամանակ առաջ, պատերազմի օրերուն ցուցաբերած խիզախութեան եւ մատուցած ծառայութիւններուն համար իր իսկ կարգադրութեամբ շնորհուած էր «Ազգային հերոս»ի կոչում։ Այս հակասական ընթացքը արդէն բանակին տեսակէտէ բաժակը յորդեցուց։ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ տասնեակ զօրահրամանատարներ երէկ հանդէս եկան խիստ յայտարարութիւնով մը։ Բանակի ամբողջ վերնախաւը յայտնեց, որ Հայաստանի համար նման ծանր պայմաններու ներքեւ իրականացուած է առանց ազգային եւ պետական շահերը հաշուի առնելով կարգադրութիւն մը՝ հիմնուելով միայն անձնական եւ յաւակնոտ զգացումներու վրայ։ Երկրի համար այսպիսի ծանր պայմաններու ներքեւ նման որոշումը համարուած է հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ մը։ Բանակի յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Հայաստանի վարչապետն ու կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չեն համարժէք որոշումներ ընդունելու՝ հայ ժողովուրդի համար այս ճգնաժամային եւ ճակատագրական իրավիճակին մէջ։ «Հայաստանի զինեալ ուժերը երկար ժամանակ համբերատար կերպով կը հանդուրժէին գործող իշխանութեան կողմէ իրենց վարկաբեկման ուղղեալ «գրոհները», սակայն ամէն ինչ ունի իր սահմանները։ Գործող իշխանութիւններու անարդիւնաւէտ կառավարումը եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ցուցաբերուած լրջագոյն սխալները երկիրը հասցուցած են կործանման եզրին», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ ընդգծուած՝ որ հայկական զինեալ ուժերը պատուով կատարած են իրենց պարտքը՝ ժողովուրդի հետ ուս ուսի մարտնչելով։

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ բանակը վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը պահանջելու առընթեր նախազգուշացուցած է՝ ձեռնպահ մնալ ուժ կիրառելէ ժողովուրդին դէմ, որու զաւակները զոհուած են՝ պաշտպանելով հայրենիքն ու Արցախը։ «Բանակը միշտ եղած է ժողովուրդի հետ, ինչպէս ժողովուրդը բանակի հետ է», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Հայաստանի բանակին այս յայտարարութիւնը, որ երկրի մատնուած առկայ իրավիճակին մէջ ունի իր տրամաբանութիւնը, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ անմիջապէս պիտակաւորուեցաւ որպէս ռազմական յեղաշրջման փորձ։ Ան անմիջապէս ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպեց հանրահաւաք մը։ Աներեւակայելի անվտանգութեան միջոցներու պայմաններուն ներքեւ ան խօսք ուղղեց իր համակիրներուն։ Ելոյթին մէջ վարչապետը թէեւ որոշ առումով երկխօսութեան միտքեր արծարծեց, սակայն այդ բոլորը մնացին իր կողմէ հնչեցուած նոր ծայրայեղութիւններու ստուերին տակ։ «Վերջ թաւիշին», քանիցս գոչեց Նիկոլ Փաշինեան, ինչ որ առկայ մտահոգութիւնները կը խորացնէ։ Աւելի վերջ Փաշինեան Երեւանի կեդրոնով երթ մըն ալ իրականացուց իր համակիրներուն հետ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ երէկ հերթական զանգուածային միջոցառումները իրականացուց Երեւանի կեդրոնին։ Ընդդիմադիր ղեկավարները շեշտեցին, որ բանակին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը ռազմական յեղաշրջում մը չի համարուիր։

Առկայ անելին մէջ շատ հետաքրքիր պատկեր մը կը պարզէ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովը, որ գրեթէ ձեռնածալ կը հետեւի պատահածներուն։ Թէեւ երկրէն ներս խորհրդարանական համակարգ կը տիրէ, սակայն խորհրդարանը կը մերժէ որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ՝ մանաւանդ իշխանութեան դիրքորոշման պատճառով։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը փորձած է արտահերթ նիստի մը գումարուիլը ապահովել, սակայն իշխանութեան քայլերով այդ նախաձեռնութիւնները վիժեցուած են։

Հայաստանի երէկուան իրադարձութիւնները միջազգային յառաջատար դերակատարներու եւ կազմակերպութիւններու անմիջական արձագանգին պատճառ դարձան։ Ըստ երեւոյթին, որոշ չափով այդ արձագանգներու տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուէր, թէ ռազմական յեղաշրջման փորձ մը կը պատահէր երկրէն ներս։ Յամենայնդէպս, յորդորները ընդհանրապէս կը բովանդակէին լարուածութեան յաղթահարման, օրինական ու սահմանադրական ճանապարհով տագնապը լուծելու ուղղեալ կոչեր։ Ստեղ-ծըւած իրավիճակին մէջ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ ալ շփումներ տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակով։ Կը հաղորդուի, որ օրուան տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ ալ տեղի ունեցած են հեռախօսազրոյցներ։

Միւս կողմէ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ առաջարկեց միջնորդի դեր ստանձնել՝ առկայ կացութեան յաղթահարման համար։ Իր այդ պատրաստակամութիւնը լիարժէք իմաստէ զրկուեցաւ՝ երբ Արցախի իշխանական ամբողջ վերնախաւը անմիջապէս զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի զինեալ ուժերու երէկուան յայտարարութեան։ Օրուան տեւողութեան հայկական բանակը նաեւ վերահաստատեց իր յայտարարութիւնը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երեկոյեան ժամերուն հաղորդեց, որ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպումներ ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի հետ։ Քննարկուած են առկայ իրավիճակին վերաբերեալ որոշ հարցեր՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կայունութեան եւ արտաքին անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները։ Արայիկ Յարութիւնեանի բանբերը՝ Լուսինէ Աւանէսեան նշած է, որ Օննիկ Գասպարեանի հետ հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս չէ քննարկուած հրաժարականի հարցը եւ որեւէ ճնշման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Այդ հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութան տնօրէն Արմէն Աբազեան եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան։

Երեւանի մէջ հանրահաւաքները կը շարունակուին։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021