ԼԱԶԱՐ ՔՈՄԱՆԵՍՔՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքուն, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Զրուցակիցները նշեցին, որ այս տարի պիտի նշուի ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 30-ամեակը եւ կարեւորեցին անոր ապագայ զարգացումը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան առանձնայատուկ կարեւորեց ՍԾՏՀԿ-ի հետ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնումը։ Իր խօսքով՝ սա պիտի նպաստէ Հայաստանի կառավարութեան՝ տարածաշրջանային տնտեսական ներառական համագործակցութեան միջոցաւ երկկողմանի կայուն տնտեսական աճի ապահովման ուղղեալ ծրագրերու իրականացման։ Ընդհանուր քարտուղարն ալ բարձր գնահատեց Հայաստանի աշխոյժ գործունէութիւնն ու ներդրումը ՍԾՏՀԿ-ի զարգացման ուղղութեամբ։

Կողմերը շեշտեցին կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս տարածաշրջանային համակարգուած գործողութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը՝ ուղղուած փոխադարձ շահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան, նորարական եւ կայուն զարգացման, բարձր մրցունակութեան խթանման համար նպաստաւոր մթնոլորտի ձեւաւորման։

Արարատ Միրզոյեան ընդհանուր քարտուղարի նկատառման յանձնեց այն համոզումը, թէ ՍԾՏՀԿ-ի հիմնական նպատակներու արդիւնաւէտ իրագործումը կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան տեսակէտէ։ Այդ նպատակներու հիմքին կը գտնուին ապաքաղաքականացեալ ներառական տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութիւնն ու առեւտուրի դիւրացումը, շրջափակման ու փակ սահմաններու քաղաքականութեան անթոյլատրելիութիւնը։

Քոմանեսքու Երեւանի կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։

Ընդհանուր քարտուղարի Երեւանի շփումներուն ներկայ էր նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։ 

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022