ՉԻՉԷՔ CSIS-Ի ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) երդիքին տակ։
ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ներկայացուած հայկական բանաձեւին առընչութեամբ Ճեմիլ Չիչէք կը նախատեսէ շփումներ ունենալ Գոնկրէսի ղեկավարութեան հետ։ Բաց աստի, CSIS-ի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին եւս Ճեմիլ Չիչէք խօսեցաւ հայկական հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա բոլորէն աւելի կը փափաքի, որպէսզի 1915 թուականի դէպքերը բացայայտուին, երեւան բերուին։ «Եթէ պատերազմ կայ, ապա կ՚ըլլայ ցաւ, հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ հաւաքականութիւններուն համար կ՚ըլլայ այդ ցաւը, ոչ թէ միայն հայոց համար», ըսաւ Ճեմիլ Չիչէք եւ աւելցուց, որ Թուրքիա բացած է իր բոլոր արխիւները պատմաբաններուն եւ պրպտողներուն համար։ Չիչէքի համոզմամբ, հայերն ալ պէտք է մէջտեղ դնեն իրենց բոլոր փաստաթուղթերը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊՈԶՔԸՐ
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարեց, թէ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ ՃՀՓ օտար լոպիներու հետ համագործակցելով կը գործէ Թուրքիոյ դէմ։ Ըստ Պոզքըրի, զուգահեռ կառոյցը, ՃՀՓ-ն եւ օտար լոպիները 1915 թուականի դէպքերու հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ ակնյայտօրէն մաս կը կազմեն Թուրքիոյ դէմ ճամբարին։ Անոնք, նախարարին խօսքերով, խտացեալ ճիգեր կը գործադրեն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ՝ Թուրքիոյ թշնամիներուն հետ։