ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ թեք­նիկ ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի մը նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տուած է՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօտ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ սոյն նա­խագ­ծին։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Ռու­սաս­տան 47 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար եւ 130 մի­լիոն ռուբ­լի ան­հա­տոյց օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նին։

ԵՏՄ-ին եւ ա­նոր յա­րա­կից Մաք­սա­յին միու­թեան ու միաս­նա­կան տնտե­սա­կան տա­րած­քին միա­նա­լու ուղ­ղեալ ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սով նա­խա­տե­սուած են վեց ուղ­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով Հա­յաս­տան ակն­կա­լած էր ի­րեն դրա­մաշ­նոր­հա­յին մի­ջոց­նե­րու տրա­մադ­րուի­լը։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015