ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Սեփական լրատուութիւն.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ այս օրերուն Փարիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ գիտաժողով մը, որու բացումը երէկ տեղի ունեցաւ Սորպոնի համալսարանի մեծ ամփիթատրոնի երդիքին տակ։ «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. հետազօտութեան հարիւր տարի» խորագրեալ այս գիտաժողովի բացման երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարար Նաժատ Վալօ-Պելքասէմ։ 2015-ի տարելիցին շրջագծով Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած կարեւոր ու ծաւալուն ձեռնարկներէն մին է այս մէկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ շարք մը թուրք գիտնականներ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր ներգրաւուած են հայկական հարցի վերաբերեալ քննարկումներուն։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի Փարիզի մէջ երէկ սկսած գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է՝ «Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտման գիտական միջազգային խորհուրդ» կոչուած մարմնի մը կողմէ։ Այս նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը բերած են նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդն ու «Իլ տը Ֆրանս»ի շրջանային խորհուրդը։
Գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան, Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամուհիներէն Էլէն Լիւք, Ֆրանսահայութեան 2015-ի կոմիտէի նախագահ Ալեքսի Կէօվճեան, Ֆրանսահայ կազմակերութիւններու Համակարգման խորհուրդի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, գիտական շրջանակներէ դէմքեր, ֆրանսահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։ Գիտաժողովին մասնակից թուրք մտաւորականներու շարքին կը գտնուին Ահմէտ Ինսէլ, Ալի Պայրամօղլու, Այհան Աքտար, Ռակըփ Զարաքոլու, Պիւշրա Էրսանլը, Համիտ Պոզասլան եւ այլք։
Գիտաժողովի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց կազմակերպիչ խորհուրդի հիմնադիր անդամներէն պատմաբան Վենսան Տիւքլէր։ Յաջորդեց նախարար Նաժատ Վալօ-Պելքասէմի ելոյթը, որու ընթացքին ան նշեց, թէ այս ծրագիրը հետամուտ է հաշուեկշիռը ընելու՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարիւր տարիէ ի վեր կատարուած հետազօտութիւններուն։ Ըստ իրեն, իթթիհատական վարչակարգը սիստեմաթիք ըլլալով, զանգուածայնաբար հայերը ոչնչացնելու յանցանքը գործած էր՝ պարզապէս անոնց ինքնութեան պատճառով։ Ան վերյիշեց անցեալ դարասկիզբին զոհուած հայ մտաւորականները, որոնց շարքին վերյիշեց Դանիէլ Վարուժանը, նաեւ Կոմիտասը։ Ֆրանսացի նախարարը բացատրեց, որ գիտութիւնը ընդհանրապէս կարեւոր միջոց մըն է ցեղասպանութիւններու ճանաչման համար։ Այս առումով ան առանձնացուց Ռայմոն Գէորգեանի, Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ Անահիտ Տէր-Մինասեանի նման պատմաբաններուն աշխատանքը։ Թուրք մտաւորականներու ջանքերուն ալ անդրադարձաւ ֆրանսացի նախարարը, վերյիշելով նաեւ Հրանդ Տինքը։ Նաժատ Վալօ-Պելքասէմ դիտել տուաւ, թէ գիտաժողովը կ՚ընկալէ նաեւ առիթ մը՝ հաւաքաբար միւս ցեղասպանութիւններն ալ վերյիշելու իմաստով։ Ան համոզուած է, թէ հետազօտութիւնը, գիրքն ու ստեղծագործութիւնը միջոց մըն է հաւաքական ցաւի յիշողութիւնը մեղմացնելու համար։ Նախարարը յիշեցուց, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը մաս կը կազմէ նաեւ դպրոցական դասագիրքերուն։ Ելոյթի վերջաւորութեան ան շեշտեց նաեւ, որ Ապրիլին Օլանտի հետ պիտի մեկնի Երեւան։
Աւելի վերջ արտայայտուեցան նաեւ Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն հետազօտութեանց վարժարանի վերատեսուչ Փիէռ-Սիրիլ Օթքէօր եւ պատմաբան Իվ Թերնոն։
Երէկ կազմակերպուեցաւ նաեւ առաջին գիտական նիստը, զոր վարեց Կայծ Մինասեան։ Ատենախօսներն էին Քլէր Մուրատեան, Համիտ Պոզասլան, Ռայմոն Գէորգեան եւ Միքայէլ Նշանեան։
Գիտաժողովի ծրագիրը այսօր պիտի շարունակուի Փարիզի հրէից Ողջակիզման թանգարանին մէջ։