ՕՀԱՆԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵՑՈՒՑ, ԹԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀՍԿԵՆ ՍԱՀՄԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ սահ­մա­նի վրայ լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լու մի­ջո­ցաւ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ լու­ծել քա­նի մը խնդիր։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ լրագ­րող­ներ ի­րեն հարց տուին, թէ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դա­մակ­ցի­լը որ­քա­նո՞վ նպաս­տած է Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման։ Ի պա­տաս­խան նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տան կը դի­մագ­րա­ւէ թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ տնտե­սա­կան նշա­նա­կու­թեամբ խնդիր­ներ։ Ան­կա­րե­լի է, որ Հա­յաս­տա­նի ԵՏՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեամբ այդ բո­լոր խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը ակն­կա­լուի միան­գա­մայն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, նա­խա­րա­րին հա­մոզ­մամբ, ԵՏՄ-ին չան­դա­մակ­ցի­լը, հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն չու­նե­նա­լը Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր Ռու­սաս­տա­նի հետ, պի­տի նշա­նա­կէր չմտա­ծել ա­պա­գա­յի մա­սին։ Ար­դա­րեւ, Ռու­սաս­տան կը հան­դի­սա­նայ Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­նե­րէն մին, յատ­կա­պէս Թուր­քիոյ ա­ռու­մով։ «Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սպառ­նա­լիք­նե­րու ա­ռու­մով Հա­յաս­տան խնդիր չու­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հար­ցին մէջ, իսկ Ռու­սաս­տան անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով կլո­պալ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց կու տայ Հա­յաս­տա­նին», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան վստա­հե­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժերն ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ի­րա­վի­ճա­կը լիո­վին կը վե­րահս­կեն սահ­մա­նին ու շփման գծին եր­կայն­քով։ Ըստ ի­րեն, չկայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ո­րե­ւէ գոր­ծո­ղու­թիւն, ո­րուն դէմ հայ­կա­կան կող­մը հա­մար­ժէք պա­տաս­խան տուած չըլ­լայ։

Սէյ­րան Օ­հա­նեան մատ­նան­շեց, որ ներ­կա­յիս անհրա­ժեշ­տու­թիւն չկայ ա­նընդ­հատ անդ­րա­դառ­նա­լու ա­ռաջ­նագ­ծի կա­ցու­թեան, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան բա­նա­կը ինք­նո­ւրոյն ի վի­ճա­կի է իր առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան մտա­հո­գիչ հա­մա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­ւե­լա­ցու­մը։ Վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճան զգա­լիօ­րէն բարձ­րա­ցու­ցած է իր սպա­ռա­զի­նու­թեան քա­նա­կու­թիւ­նը։ Հա­րե­ւան երկ­րին մօտ կա­տա­րուած­նե­րը, ան­կաս­կած, կը գտնուին հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի խօս­քով, Ատր­պէյ­ճա­նի սպա­ռա­զի­նու­թեան քա­նա­կի տուեալ­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն հայ­կա­կան կող­մին, բայց նաեւ հայ­կա­կան կող­մը տե­ղե­կու­թիւն ու­նի, թէ ժա­մա­նակ պէտք է, որ­պէս­զի Ատր­պէյ­ճան կա­րե­նայ այդ սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը կար­գի բե­րել։

«Բազ­միցս ը­սուած է, որ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի կող­մէ մեր հա­րե­ւա­նին վա­ճա­ռուող սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը մե­զի կը մտա­հո­գէ եւ այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք կը տա­րուի։ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այդ­պէս իր տե­ղը չէ նստած», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա­յի Ե­րե­ւան կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին եւս շօ­շա­փուած են այս հար­ցե­րը։ Հայ­կա­կան կող­մը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած է Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար զէն­քի վա­ճառ­ման վե­րա­բե­րեալ մտա­հո­գու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ա­ռաջ­նագ­ծի ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ լա­րուած։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խի բաղ­դատ­մամբ կա­ցու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հան­գիստ է Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015