ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կը եւ գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­տեւ լու­ծու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան «Ա­մե­րի­կա­յի Ձայն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազրոյ­ցին մէջ ընդգ­ծեց, թէ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րը մեծ ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն ի­րենց։ Ա­մե­նամ­տա­հո­գի­չը խա­ղաղ բնակ­չու­թեան մօտ յա­ռա­ջա­ցած կո­րուստ­նե­րը կը հա­մա­րուին։ «Մենք կը քննա­դա­տենք ծանր հրե­տա­նիի գոր­ծա­ծու­մը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Թիֆ­լի­զի մէջ ու­նե­ցան խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Այս հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր «Հաշ­տեց­ման մի­ջոց­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ջան­քե­րով։ Այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուած էին թէ՛ հայ եւ թէ ա­զէ­րի կող­մե­րը։ Ո­ւոր­լիք կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէ երկ­խօ­սու­թեան ա­մէն հար­թակ։

Ծա­նօթ է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս եւ դե­մոկ­րատ խորհր­դա­րա­նա­կան Է­լիըթ Էն­կէլ ա­ռա­ջար­կած են ծրա­գիր մը՝ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման շուրջ։ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ը­սաւ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը կ՚ա­ջակ­ցի այդ ա­ռա­ջար­կին։ Թէեւ վերջ­նա­կան նա­մա­կը տա­կա­ւին չեն տե­սած, սա­կայն Էտ Ռոյ­սի ա­ռա­ջարկ­նե­րը ա­պա­հո­ված են Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը պէտք է ստա­նան բո­լոր կող­մե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ «Մենք կը պա­հան­ջենք հրա­դա­դա­րի պահ­պա­նու­մը», մատ­նան­շեց Ուորլիք։

Ծանօթ է, որ այս բոլոր որոնումներով հանդերձ Արցախի ճակատին վրայ հրադադարը չի պահպանուիր կանոնաւոր ձեւով։ Հայկական աղբիւրները յաճախ տուեալներ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի կողմէ կա-տարուած խախտումներուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ Երեւան կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին յայտարարեց, թէ տարածքաշրջանէ ներս առկայ բոլոր հարցերը պէտք է կարգաուորուին միայն խաղաղ ճանապարհով։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016