ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

Տա­ղա­ւա­րի օր մը դար­ձեալ... Սուրբ Զա­տի­կը կը թա­կէ մեր դռնե­րը։ Հա­յաս­տե­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կուած է՝ հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­մայն քրիո­տո­նեայ աշ­խար­հը տօ­նա­կան ցնծու­թեան մէջ է, իսկ այդ ու­րա­խու­թեան մէջ ան­պա­կաս՝ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քը հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար։

«Գո­վեա Ե­րու­սա­ղէմ զՏէր...»։ Շա­րա­կա­նը յաղ­թա­կան մեր շուրթ­ե­րուն է դար­ձեալ, Տի­րոց լոյս գե­րեզ­մա­նի պատ­կե­րը կ՚ու­րուագ­ծուի մեր մտքին մէջ։ ի խո­րոց սրտէ ան­կեղծ ու եր­կիւ­ղած ա­ղօթ­քով այ­սօր դար­ձեալ փառք կու տանք Բարձ­րեա­լին՝ Տի­րոջ Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով ան­գամ մը եւս զի­րար ող­ջու­նե­լու աս­տուա­ծա­պար­գեւ շնոր­հին հա­մար։

Աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը ներ­կա­յիս յա­գե­ցած է ծան­րա­ծանր փոր­ձու­թիւն­նե­րով։ Պա­տե­րազմ, թշուա­ռու­թիւն, այ­լա­տեա­ցու­թիւն, ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ մա­սամբ նո­րին… Յու­սալ­քու­թիւն կը տի­րէ երկ­րա­գուն­դի վրայ։ Փոր­ձա­գի­տու­թեան նուա­ճում­նե­րուն պտուղ­նե­րը չեն �

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016