ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ, ՎԻԵՆՆԱ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ պիտի շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարին շուրջ երկխօսութիւնը։ Այսպէս, նոր ժամադրութիւն մը նախատեսուած է այս ուրբաթ, Վիեննայի մէջ, ուր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի հանդիպին՝ շարունակելու համար քննարկումները ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ ցարդ զանազան միջազգային հաւաքներու բերումով մէկտեղուելով ծնունդ տուած էին երկխօսութեան մը։ Այժմ, այս ուրբաթ Վիեննայի մէջ նախատեսուած ժամադրութիւնով այդ գործընթացը տարբեր հարթութիւն մը պիտի թեւակոխէ։ Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ այս անգամ ուղղակի ժամադրուած են եւ իրենց հանդիպումը պիտի չկայանայ միջազգային հաւաքի մը ծիրէն ներս։ Այս հանդիպումը արդէն միջոցէ մը ի վեր կը նախապատրաստուէր։ Փաշինեան եւ Ալիեւ վերջին անգամ հանդիպած էին Տաւոսի մէջ, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի օրերուն։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ՝ Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով վերջին շրջաններուն հանդիպած էին քանի մը անգամ՝ միշտ օրակարգի վրայ ունենալով Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպման նախապատրաստութիւնը։ «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ այս ուրբաթ Վիեննայի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։

Մօտաւոր անցեալին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք այցելած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Պաքուի շփումներուն առընթեր, Երեւանի մէջ ան տեսակցած էր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկն ալ վերջին օրերուն մէկտեղուած էր հակամարտ կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ։

Փաշինեանի եւ Ալիեւի ուրբաթ օրուան հանդիպումէն առաջ հայկական կողմը յամառօրէն օրակարգի վրայ բերաւ բանակցային գործընթացին Ստեփանակերտի ներգրաւման հարցը։ Միջնորդներն ալ զուգահեռաբար հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ չափաւոր թոնով մը որոշ վերապահութիւն յայտնեցին բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան հարցին շուրջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան ներկայ ամսուան սկիզբին յայտարարած էր, որ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը շատ պիտի չուշանար։ Փոխ-նախարարը նոյն առթիւ յայտնած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ հրաժարած Սեն Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի մէջ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն։ «Այդ պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ քայլեր կատարուած են, ժամանակաւոր, բայց էական փոփոխութիւն կայ սահմանագծին վրայ։ ԵԱՀԿ-ի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման գործընթացը չ՚իրականացուիր՝ Ատրպէյճանի պատճառով», ըսած էր Շաւարշ Քոչարեան։ Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով՝ փոխ-նախարարը ըսած էր նաեւ հետեւեալը. «Որեւէ հանդիպում աւելի նախընտրելի է՝ քան ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը։ Եւ առայսօր հանդիպումները ուղղուած էին նաեւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման ռիսքերու նուազեցման»։

Իսկ Նիկոլ Փաշինեան, Տաւոսի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հանդիպումէն վերջ յայտնած էր, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հետապնդել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը։ Փաշինեան նշած էր նաեւ, որ Ալիեւի հետ պայմանաւորուած են, թէ պէտք է քննարկեն հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու հնարաւորութիւնները։ Փաշինեան յայտնած էր, որ հաւանական փոխզիջումներու վերաբերեալ հարցման առաջին պատասխանողը պէտք է ըլլայ, ո՛չ թէ Հայաստանը այլ՝ Ատրպէյճանը։ «Որովհետեւ Ատրպէյճանն է, որ ամէն օր սպառնալիքներով կը խօսի Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ», ըսած էր Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019