ԵԽԽՎ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆ

Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի Փասքէ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի կողմէ։ Նախատեսուած են իր հանդիպումները խորհրդարանի քաղաքական խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ խորհրդարանական զանազան յանձնաժողովներու նախագահներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Փասքէ Երեւանի մէջ կը մասնակցի սեռային հարցերու վերաբերեալ կլոր սեղանի մը, որու մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։

Լիլիան Մորի Փասքէ մամլոյ ասուլիս մըն ալ կը սարքէ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019