ԹԵՐԵԶԱ ՄԷՅ BREXIT-Ի ՀԱՄԱՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ԿՐՑԱԾ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ նախապէս երկու անգամ մերժուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը վերստին Երեսփոխանական ժողովին ներկայացնելու համար տակաւին չէ կրցած ապահովել երեսփոխաններու անհրաժեշտ զօրակցութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ BREXIT-ի գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս։ Ան յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ համոզուած մնալ, թէ Անգլիոյ համաձայնութիւնով մը ԵՄ-ի կազմէն դուրս գալը ճիշդ պիտի ըլլայ։ «Բայց եւ այնպէս մեծ ցաւով եզրակացուցած եմ, որ ներկայ պայմաններով BREXIT-ի համաձայնութիւնը երրորդ անգամ խորհրդարան ներկայացնելու համար տակաւին անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չկայ», ըսաւ Մէյ եւ աւելցուց, որ խորհրդարանէ ներս պիտի շարունակէ իր շփումները՝ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը ապահովելու համար։ 

Խորհրդարանի հաւանութեամբ համաձայնութիւն մը կրնայ օրակարգի վրայ բերել նաեւ BREXIT-ի աւելի երկար ժամանակաշրջանով յետաձգումը։ Մէյ ընդգծեց, որ առանց խորհրդարանի հաւանութեան, առանց համաձայնութեան BREXIT-ի գործընթացը պիտի չհետապնդուի իր կողմէ։ Անգլիոյ վարչապետը միեւնոյն ժամանակ երաշխիք մը չտուաւ, որ խորհրդարանի կողմէ առնուելիք ամէն որոշում պարտադիր պիտի համարուի կառավարութեան տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Թերեզա Մէյ Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցութեան շարքերու BREXIT-ի կողմնակիցներուն խոստացաւ՝ հրաժարական տալ, եթէ Երեսփոխանական ժողովը հաւանութիւն տայ Պրիւքսելի հետ իր կնքած համաձայնագրին։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019