Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան դէպի Նիւ Եորք ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ 28 մարտ-11 ապրիլ թուականներուն։ Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Հարկ է նշել, որ Արեւելեան թեմէն ներս ամէն տարի եկեղեցականներու բարոյական ու հոգեւոր վերանորոգման առաջադրութեամբ կը կազմակերպուին հաւաքներ։ Ձեւով մը ճամբարի բնոյթ ունին այս հաւաքները, որոնց այս տարի հրաւիրուած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ծանօթ է, որ Արեւելեան թեմէն ներս կը գործէ նաեւ Ս. Ներսէս ընծայարանը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս տարի պիտի գլխաւորէ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց վերապատրաստութեան հաւաքը եւ զանազան աստիճաններէ եկեղեցականներու առջեւ դասախօսութիւններու շարքով մը հանդէս պիտի գայ՝ հոգեւոր կեանքի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Մինչ այդ, ան պիտի հանդիսապետէ Մեծ պահ-քի կիրակիներէ մէկուն արարողութեան եւ այս առթիւ Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարէն ներս պիտի խօսի քարոզ մը։
Ուղեւորութեան ծրագրով նախատեսուած են նորին սրբազնութեան հանդիպումները ժողովուրդին հետ։
Նիւ Եորք մեկնելու ընդառաջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ այս այցելութեան շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ շուրջ երեք ամիս առաջ մշակուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած ներկայ քառասնօրեայ սուգի ժամանակաշրջանը արգելք մը չի հանդիսանար, որպէսզի նորին սրբազնութիւնը իրականացնէ այս ճամբորդութիւնը։ Այլապէս, եթէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յետաձգէր իր այցելութիւնը, ապա Արեւելեան թեմի տարեկան ծրագիրը պիտի տուժէր մեծապէս։