ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ կաթուածահարեալ վիճակի մէջ պահել առօրեան ամբողջ աշխարհի վրայ։ Մինչ երկրագունդի բնակչութեան երկու երրորդը այս պահու դրութեամբ դատապարտուած է բնակարաններու մէջ փակուած մնալու, Թուրքիոյ մէջ ալ համաճարակի դէմ բազմակողմանի պայքարը կը շարունակուի։ Այս իրավիճակին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ հերթական յորդորներով։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը բծախնդիր ձեւով հնազանդին պատկան մարմիններուն կողմէ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն։
Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց ազգին։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ եթէ հնարաւոր ըլլայ ապահովել կատարեալ մեկուսացում մը, ապա համաճարակի տարածման թափը կրնայ երկու-երեք շաբաթուան ընթացքին կասեցուիլ։ Ան յայտնեց, որ այս գործընթացէն Թուրքիա դուրս պիտի գայ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին եւ նուազագոյն վնասով։ Ան յիշեցուց, որ կատարեալ մեկուսացումի մը չհաստատման պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլան շատ աւելի խիստ նախազգուշական միջոցներ։ Ըստ նախագահին, այս պահու դրութեամբ պետութեան բոլոր մարմինները զօրակոչի պայմաններով գործունէութիւն կը ծաւալեն համաճարակը կասեցնելու համար՝ գլխաւորութեամբ առողջապահութեան, անվտանգութեան եւ ընկերային ապահովութեան կառոյցներու։ Պետութիւնը կ՚աշխատի հաշուի առնելով բոլոր վարկածները եւ ունի համապատասխան պատրաստութիւններ։ Այս բոլորի հիման վրայ նախագահը շեշտելով շեշտեց, որ երկրի քաղաքացիները դուրս չգան իրենց բնակարաններէն, ուշադրութիւն ցուցաբերեն անձերու միջեւ հեռաւորութիւն պահելու նկատմամբ եւ նախանձախնդիր ըլլան տարրական մաքրութեան համար։ «Առաջ Աստուած, լուսաւոր ապագան մեզի կը սպասէ՝ միայն, թէ հնազանդինք զգուշացումներուն, համբերատար ըլլանք եւ անուշադիր չգտնուինք», ըսաւ Էրտողան։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա եւ Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք երէկ Անգարայի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Զիյա Սելչուք տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ հեռակայ դրութեամբ ուսուցումը երկարաձգուած է մինչեւ ապրիլի 30-ը։
Ֆահրետտին Քոճան ալ ներկայացուց համաճարակի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ քորոնաժահրի հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ մահացաւ 15 հոգի։ Վերջին ինն օրերու հաշուարկով, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը բարձրացաւ 59-ի։ Ներկայ պահուն վարակուածներու թիւն ալ հասած է 2 հազար 433-ի։