ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՀԲԸՄ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐ ՎԱԶԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը։ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԲԸՄ աշխարհի խոշորագոյն հայկական հասարակական կազմակերպութիւնն է, բարենպատակ ցանցը։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ ներկայացուցչութիւններ ունի աշխարհի աւելի քան երեսուն երկիրներու մէջ։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին հետաքրքրուեցաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած նոր իրավիճակին մէջ աշխարհի հայկական համայնքներն ու զանազան երկիրներու հայերը ինչպէ՛ս կը դիմակայեն առկայ մարտահրաւէրները։

Այս ամբողջին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ, թէ ինչպէս առաւել արդիւնաւէտութեամբ կրնան օգտագործուիլ ՀԲԸՄ-ի հնարաւորութիւնները Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020