ՆԱՆԹԵՐԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի տարածքի ճակատագրի հարցը միշտ կը մնայ օրակարգի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, երբեմնի դպրոցի եւ յարակից համալիրի մէջ կրթական գործունէութիւն կը ծաւալուէր Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ։ Դպրոցի փակուելէն վերջ երկար ժամանակ համալիրը մնացած էր հանրային հետաքրքրութենէ հեռու։ Վերջին շրջանին այդ համալիրը նոր ձեւով մը օգտագործելու ուղղեալ որոնումները փոխած են այդ կացութիւնը։ Հայաշխարհի օրակարգին վրայ դարձեալ ուշագրաւ դարձած է այս նիւթը՝ ստեղծուած տարակարծութիւններով հանդերձ։ Այդ տարակարծութիւններու կողմերէն մին է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ Վատիկանի կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան համար նշանակուած է կառավարիչ եւ այդ լիազօրութիւնով կը ջանայ քայլեր առնել Ֆրանսայի մէջ, խումբ մը գործակիցներով հանդերձ։ Տարակարծութեան միւս հիմնական կողմն է ֆրանսահայերէ բաղկացեալ ընկերակցութիւն մը, որ կը համախմբէ առաւել չափով երբեմնի վարժարանի շրջանաւարտները։ Այս երկու կողմերը այնքան անհաշտ մօտեցումներ ունին, որ դիմած են դատարան։ Վերջերս այս դատը տեսած է Նանթերի ատեանը եւ անոր կողմէ արձակուած վճիռը կարեւոր անկիւնադարձ մը կը բնորոշէ այս խնդրին մէջ։ Ֆրանսական դատական մարմիններու արձակած վճռի լոյսին տակ այժմ նոր փուլ մը կը թեւակոխէ այս խնդիրը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Սեւրի մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարածքի ապագային շուրջ շատ լուրջ տարակարծութիւններ ծագած էին մէկ կողմէ Պապական նուիրակ Հ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորած ճակատին եւ միւս կողմէ Փաթրիք Տեւեճեանի գլխաւորած Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան (Association du Collége Arménien de Sévres) միջեւ եւ հարցը հասած էր մինչեւ դատարան՝ ճշդելու համար, թէ կողմերէն ո՞ր մէկը լիազօրուած է երբեմնի հէգ վարժարանի ճակատագրին մասին որոշումներ կայացնելու։
Ներկայիս, Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան հաղորդագրութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Նանթերի ատեանը արձակած է իր վճիռը եւ ջնջած՝ այն բոլոր որոշումները, որոնք առնուած էին Հ. Լեւոն Զեքիեանի գլխաւորած մարմնին (Association du Collége Arménien Fondation Samuel Moorat 1846) կողմէ։
Հաղորդագրութեան մէջ կը պնդուի, թէ այդ մարմինը թէ՛ ապօրինի ձեւով նախագահ նշանակած է Հայր Զեքիեանը եւ թէ բազմաթիւ ապօրինութիւններ կան Սեւրի վարժարանի հողատարածքին վրայ եկամտաբեր շէնքեր կառուցելու նպատակով՝ յատկապէս կազմուած անոր վարչական խորհուրդին կանոնադրութեան մէջ։
Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչական խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ իր նպատակն է համալիրի հողատարածքը յատկացնել իր բուն նպատակին, որն է պատսպարել հայ լեզուին, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթին նուիրուած կրթական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մատենադարան մը, հետազօտութեան կեդրոն մը եւ թանգարան մը, որոնք միասնաբար պիտի կազմեն 1915-ի յուշահամալիր մը։ Այդ կեդրոնը ֆրանսահայ համայնքին համար՝ տօնական եւ բարեսիրական ձեռնարկներու յարմար վայր մըն ալ պիտի ըլլայ։ «Դարաւոր աւանդութեան հաւատարիմ մնալով՝ ծրագրին մէջ Մխիթարեան հայրերու միաբանութիւնը պիտի պահպանէ իր մտաւորական եւ հոգեւոր տեղը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Դատավճիռով այս տարածքի տնօրինման իրաւունքը ստացած Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Փաթրիք Տեւեճեան (նախագահ), Ալէն Մարսերու (փոխ-նախագահ), Ռընէ Ծակոյեան (ատենադպիր), Ժոզէֆ Ուղուրլեան (գանձնապետ), Սերժ Անուշեան (հաշուապահ), Արիս Աթամեան (խորհրդատու թեքնիկ), Լիլիեան Շիւքիւրեան (խորհրդատու իրաւական), Ալեքսանտր Գույումճեան (խորհրդատու իրաւական), Ռայմոն Գէորգեան (խորհրդատու գիտական) եւ Լեւոն Փափազեան (խորհրդատու թեքնիկ)։