ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ 1915-ի դէպքերուն շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է քննէ սեփական արխիւը։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպին թափ տուած է աշխատանքին՝ որպէսզի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն համապատասխան պատգամին մէջ օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրոյթը։ Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Հուլուսի Աքար նշեց, որ այս խնդիրը ամէն տարի օրակարգի վրայ կը բերուի, ամերիկեան կողմը պէտք է նայի իր արխիւներուն, որովհետեւ առանց գիտութեան՝ համոզում չ՚ըլլար։ Ըստ իրեն, 1919 թուականին ամերիկեան շուրջ յիսուն հոգինոց պատուիրակութիւն մը Թուրքիա գալով տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ ըրած էր

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021