ՉԻՆԱՍՏԱՆԷՆ ՀԻՒՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Ին, որ այցելեց Անգարա։ Մէկ ժամ տեւեց զրոյցը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Քննարկուեցան տնտեսական կապերու ներուժը, քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը եւ պատուաստանիւթի շուրջ համագործակցութեան զարգացման հարցեր։

Հանդիպման ընթացքին թրքական կողմը օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ իր զգայնութիւնները՝ Ույղուրի թուրքերու առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021