ԱՆԳԱՐԱ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ «ԴԺՈԽՔԻ ԿՐԱԿ»ՆԵՐ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ Թուր­քիա այս օ­րե­րուն կ՚ո­րո­նէ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջոց­ներ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն Սու­րիոյ սահ­մա­նա­կից Քի­լի­սի մէջ ստեղ­ծուած է ար­տա­սո­վոր կա­ցու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը ռմբա­կո­ծեն այս քա­ղա­քը, ուր ցարդ շուրջ եր­կու տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­ներ զո­հուած են։ Քի­լի­սի մէջ ստեղ­ծուած է ահ ու սար­սա­փի մթնո­լորտ եւ ժո­ղո­վուր­դը կը խու­սա­փի փո­ղոց դուրս գա­լէ։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը թէեւ ա­մե­նայն վճռա­կա­նու­թեամբ կը փո­խա­դար­ձեն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման, սա­կայն Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս նոր եւ ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջոց­նե­րու ո­րոն­ման մէջ է։ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան լա­րուա­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով Սու­րիոյ օ­դա­յին մար­զէն ներս թռիչք­ներ չեն ի­րա­կա­նաց­ներ թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը։ Բա­նա­կը Ի­ՇԻՊ-ի շար­ժուն թի­րախ­նե­րուն վրայ կը կրա­կէ թնդա­նօթ­նե­րու մի­ջո­ցաւ։

Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ, ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղով մը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց մէ­կու­կէս ժամ եւ ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, նե­րա­ռեալ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Հու­լու­սի Ա­քար։ Ա­ռա­ջին հեր­թին ո­րո­շուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս զի­նուո­րա­կան յա­ւե­լեալ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կել։ Քի­լի­սի մէջ յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով տու­ժած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վնաս­նե­րը պի­տի հա­տու­ցուին, նաեւ քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան հո­գե­բա­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րուի։ Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան գետ­նի վրայ ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պի­տի բարձ­րա­ցուին ու պի­տի գոր­ծեն զրա­հա­պատ շտա­պօգ­նու­թեան ինք­նա­շարժ­ներ։

Ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ ալ Թուր­քիա կը նա­խա­տե­սէ ա­պա­հո­վել զօ­րակ­ցու­թիւն՝ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ա­ւե­լի ազ­դու հա­րուած­ներ հասց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ան­գա­րա առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար կ՚ակն­կա­լէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Թուր­քիա եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այս ուղ­ղու­թեամբ ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի սեր­տաց­նեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Թրքա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դնել Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խի այն ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րը, ո­րոնք զի­նուծ են «Դժոխ­քի կրակ» կո­չեալ հրթիռ­նե­րով։ Այս վեր­ջին­նե­րուն աշ­խոյժ թա­փով կի­րառ­ման պա­հան­ջին ա­ռըն­թեր թրքա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն ներս տե­ղա­կա­յել՝ բարձր շար­ժու­նա­կու­թեամբ թնդա­նօ­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք կը կո­չուին HIMARS։

Միւս կող­մէ, կը հա­ղոր­դուի, որ ԱՄՆ-ի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը թրքա­կան կող­մի մատ­նան­շած թի­րա­խա­յին տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ ե­րէկ Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016