ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի Հալապեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ օթօպիւսի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որու հետեւանքով երկու հոգի զոհուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հալապեան-Արզումանեան փողոցներու խաչմերուկին՝ «Նիգ» սրճարանի մօտակայքին պատահեցաւ այս պայթումը, որմէ անմիջապէս վերջ սկսան փրկարարական եւ քննչական աշխատանքներ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ պատկան մարմինները տարուած աշխատանքին կապակցութեամբ պարբերաբար տեղեակ կը պահեն Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սերժ Սարգսեանն ալ ոստիկանութեան յանձնարարած է ուժեղացնել պահակային ծառայութիւնը։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնն ալ անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկած է՝ տուժածներուն բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։ Պաշտօնական մարմինները հանրային կարծիքին ալ կոչ ուղղած են՝ զերծ մնալ չստուգուած տուեալներու տարածումէն։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը այս առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուց, թէ ութ վիրաւորեալներու կացութիւնը մասնագէտներու կողմէ կը գնահատուի կայուն ծանր։ Իսկ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան տեղեկացուց, թէ օթօպիւսին մէջ տեղի ունեցած է ոչ թէ բեկորային, այլ ալիքաձեւ պայթում մը։ Ըստ իր փոխանցած մանրամասնութիւններուն, պայթումը տեղի ունեցած է օթօպիւսի աջ կողմի երկրորդ նստարանին։ Դէպքի վայրին վրայ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ոստիկանապետը յայտնեց, թէ օթօպիւսը կ՚աշխատէր տիզէլ վառելանիւթով, հետեւաբար դէպքը չի կրնար կազի պայթումի մը հետեւանքը ըլլալ։ Վլատիմիր Գասպարեան հրաժարեցաւ մեկնաբանելէ հաւանական ահաբեկչութեան մը վարկածին վերաբերեալ լուրերը՝ ու նշեց, որ այս պահուն ո՛չ հերքելու եւ ոչ ալ հաստատելու ժամանակն է։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրներն ալ փոխանցեցին, որ օթօպիւսի վարորդը չէ վնասուած եւ այս պահուն քննութեան տակ կը գտնուի։ Հանրապետութեան աւագ դատախազութիւնն ալ դէպքին կապակցութեամբ յարուցած է քրէական գործ, որ կ՚ընթանայ Քննչական կոմիտէի յատուկ կարեւորութեամբ գործերու քննութեան վարչութեան պատասխանատուութեան ներքեւ։
Հարկ է նշել, որ Հալապեան փողոցի պատկան հատուածը անորոշ ժամանակով փակուած է երթեւեկութեան։