ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կ՚այ­ցե­լէ Պա­քու, իր կո­ղակ­ցին՝ Է­մի­նէ Էր­տո­ղա­նի հետ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ եւ իր կո­ղա­կի­ցը՝ Միհ­րի­պան Ա­լիե­ւա ե­րէկ Պա­քուի օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րե­ցին Էր­տո­ղան ա­մո­լը, ո­րուն ի պա­տիւ սար­քե­ցին ճաշ­կե­րոյթ մը։ Ա­լիեւ­նե­րուն կող­մէ սար­քուած ընթ­րի­քէն ա­ռաջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, որ տե­ւեց շուրջ ժամ մը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Ա­լիեւ անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի առ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը վեր­լու­ծե­ցին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ վեր­ջին շրջա­նին ծա­գած լա­րուա­ծու­թեան լոյ­սին տակ։ Էր­տո­ղան եւ Ա­լիեւ կանգ ա­ռին նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին վրայ։ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցերն ալ նա­խա­գահ­նե­րու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ե­կան օ­րա­կար­գի վրայ։ Էր­տո­ղան եւ Ա­լիեւ շօ­շա­փե­ցին երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը՝ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յե­ցին TANAP ծրագ­րի ներ­կայ հանգ­րուա­նին։

Հարկ է նշել, որ Ատր­պէյ­ճան ներ­կա­յիս կը հիւ­րըն­կա­լէ ՄԱԿ-ի Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու դա­շին­քի եօթ­նե­րորդ կլո­պալ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն մաս­նա­կից­նե­րով։ Էր­տո­ղա­նի Պա­քու այ­ցե­լու­թեան շար­ժա­ռիթն ալ այս հա­մա­ժո­ղովն է։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը Պա­քուի շփում­նե­րուն ա­ւար­տին կ՚ու­ղե­ւո­րուի Խրուա­թիա։

Միւս կող­մէ, «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան այս ա­ռա­ւօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Պա­քուի հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Ան յայտ­նեց, թէ ՄԱԿ-ի Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու դա­շին­քը թէեւ ո­րոշ յա­ջո­ղու­թեան մը հա­սած է, սա­կայն շատ հե­ռու է իր հիմ­նադ­րու­թեան նպա­տակ­նե­րէն։ «Տա­կա­ւին դժբախ­տա­բար չենք կրցած յաղ­թա­հա­րել քա­րա­ցած կան­խա­կալ կար­ծիք­նե­րը եւ այն մտայ­նու­թիւն­նե­րը, զորս մար­դիկ կը դա­սա­ւո­րեն ի­րենց մշա­կոյ­թին, դա­ւա­նան­քին կամ ար­մատ­նե­րուն հի­ման վրայ։ Ար­մա­տա­կան հո­սանք­նե­րուն եւ ա­նոնց կող­մէ սնուած ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին շրջագ­ծով չենք կրցած հան­դէս գալ՝ մեզ­մէ ակն­կա­լուած հա­սա­րա­կաց ու վճռա­կան պայ­քա­րով», ը­սաւ Էր­տո­ղա­ն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016