ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած ի­րադ­րու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Թէեւ կող­մե­րուն մի­ջեւ կրա­կը դադ­րեց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը ձեռք բե­րուած է, սա­կայն Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն տե­ւա­բար խախ­տել հրա­դա­դա­րը։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րէկ գի­շեր զի­նեալ դի­մա­կա­յու­թեան գօ­տիէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը օգ­տա­գոր­ծած է իր զի­նա­նո­ցի գրե­թէ ամ­բողջ զրա­հա­պատ սար­քա­ւո­րում­նե­րը։ Յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած է եր­կու հայ զի­նուոր։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րուն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու նպա­տա­կով Ար­ցա­խի բա­նա­կը դի­մած է կան­խար­գե­լիչ քայ­լե­րու ու թի­րա­խա­յին հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցած՝ ա­ռաջ­նա­յին դիր­քե­րուն։ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եր­կայն­քով ալ ա­զէ­րի զօր­քե­րը ե­րէկ գի­շեր հրա­դա­դա­րը խախ­տե­ցին տասն­հինգ ան­գամ։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ Ար­ցա­խի Մար­տա­կե­րի շրջա­նէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով վնա­սուած են բնա­կե­լի շէն­քեր, տու­ներ, են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ եւ հան­րա­յին շէն­քեր։

Առ­կայ մտա­հո­գիչ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հան­դէս գալ զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին հետ քննար­կած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի կո­պիտ խախտ­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ Պա­քուի ան­պա­տաս­խա­նա­տու քայ­լե­րը մեծ վնաս հաս­ցու­ցած են բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Քե­րի վե­րա­հաս­տա­տած է հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցին ի նպաստ Ո­ւա­շինկ­թը­նի լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Եր­կուս­տեք ընդգ­ծուած է, որ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ լու­ծու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի եւ անհ­րա­ժեշտ է հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ գտնել փո­խա­դար­ձա­բար ըն­դու­նե­լի լուծ­ման մը ճա­նա­պարհ­նե­րը։ Կա­րե­ւո­րուած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան այս հար­ցի կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցուած միակ ձե­ւա­չափն է։ «Ա­մե­րի­կա­յի Ձայ­նը» ռա­տիօ­կա­յա­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Քե­րի թէ՛ Ա­լիե­ւին եւ թէ Սարգ­սեա­նին կոչ ուղ­ղած է, որ­պէս­զի պահ­պա­նուի հրա­դա­դա­րը։  

Մինչ այդ, Մոս­կուա­յէն ալ ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ մտա­հոգ ձայն մը հնչեց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով յայտ­նեց, որ Քրեմ­լին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիի ի­րադ­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րէ փխրուն։

Բաց աս­տի, հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ֆրան­սա­յի կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մըն ալ ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղար, Եւ­րո­պա­յի գոր­ծե­րու գծով նա­խա­րար Առ­լէմ Տե­զի­րը։ Այս վեր­ջի­նը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը։ Սարգ­սեան ցա­ւով նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան կե­ցուած­քի եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կ՚ար­դա­րա­նան։ Ամ­սուան սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած բռնու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ այդ երկ­րի զի­նուո­րա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին բազ­մա­թիւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ՝ թի­րա­խա­ւո­րե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան բնա­կա­վայ­րե­րը եւ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Այ­դու­հան­դերձ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ար­ժա­նի հա­կա­հա­րուա­ծը հաս­ցու­ցած է, սա­կայն Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ի­րա­վի­ճա­կը կը մնայ լա­րուած։

Առ­լէմ Տե­զիր Սերժ Սարգ­սեա­նին փո­խան­ցեց Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի ջերմ ող­ջոյն­նե­րը եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ անհ­րա­ժեշտ է նախ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կուի­լը։

Առ­լէմ Տե­զի­րի հետ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Փիէռ Անտ­րիօ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016