ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԵՒՍ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ երկ­րի հայ հա­մայն­քը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել անն­կա­րագ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րը ե­րէկ դար­ձեալ են­թար­կուե­ցան հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րու։

Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» պար­բե­րա­կա­նի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ՝ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր զա­նա­զան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ե­րէկ թա­փով հրթի­ռա­կո­ծուած են Հա­լէ­պի զա­նա­զան շրջան­նե­րը։ Քա­ղա­քի հա­յաբ­նակ Սիւ­լէյ­մա­նիէ թա­ղա­մասն ալ ան­մասն չէ մնա­ցած այդ հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րէն։

Յի­շեալ աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցան եր­կու հա­յեր, ո­րոնց ինք­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին ստու­գել կա­րե­լի չէ ե­ղած։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու շար­քին ալ կը գտնուին ե­րեք հա­յեր։ Ի լրումն այս բո­լո­րին յա­ռա­ջա­ցած է մեծ ծա­ւալ­նե­րով նիւ­թա­կան վնաս։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաս-տանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով հերթական անգամ հեռախօսազրոյց մը ունենալով քննարկեցին Սուրիոյ իրադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016