ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ վաղ առաւօտեան ժամերուն սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեցին Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիա առաջին անգամ ռմբակոծեց այդ շրջանները, ուր վերջին ժամանակներուն կը խտանային անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնն ու անոր յարակից կառոյցները՝ ԵՓԿ եւ ՓԵՏ։ Այս արմատական հարուածներու լոյսին տակ Թուրք զինեալ ուժերը տուին նաեւ այն ազդանշանները, որ գործողութիւնները պիտի շարունակուին։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէր, որ իրեն համար բացարձակապէս անհանդուրժելի են տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկչական լծակները։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկ վաղ առաւօտեան կատարուած օդային ռմբակոծումները տեւեցին աւելի քան ժամ մը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ գործողութիւնները պիտի շարունակուին՝ մինչեւ սպառնալիքներուն վերջնականօրէն ոչնչացումը։ Մալաթիայէն եւ Տիարպաքըրէն թռիչք առած շուրջ քսան ռազմաօդանաւ մասնակցեցաւ գործողութիւններուն։ Ահաբեկիչներու զինանոցներն ու կացավայրերը թիրախ դարձան ռազմաօդային ուժերուն։ Եօթանասուն ահաբեկիչ սպաննուեցաւ։ Բանակի աղբիւրները կը մատնանշեն, որ զուտ օդային ռմբակոծումներ կը կատարուին։
Թուրքիոյ այս գործողութիւնները լայն արձագանգ ստեղեցին միջազգային գետնի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց այս մասին։ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը անընդունելի համարեց գործողութիւնները։ ՓԵՏ-ի պատասխանատուներն ալ Թուրքիոյ դէմ շարժման անցնելու հրաւիրեցին տարածքաշրջանէ ներս տեղակայուած՝ միջազգային համախոհութեան ուժերը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները բացարձակապէս ուղղուած չեն Հիւսիսային Իրաքի փեշմերկէներուն դէմ։ Ըստ իրեն, այս ռմբակոծումներուն մասին նախապէս տեղեակ պահուած են ԱՄՆ, Ռուսաստան, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի։ «Իրենց ըս-ւած է, որ գործողութիւններ պիտի կատարեն՝ այդ շրջաններէն սպառնալիքը ոչնչացնելու համար», յայտնեց Էրտողան։