ԸՍՏ ՍԱՊԻՆԱ ՖՐԷՅԶԸՐԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԷՏՔ Է ԹՈՂՈՒԻ ԱՊԱԳԱՅԻ

Մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժա­մա­յին խում­բի Եւ­րո­պա­յի ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Սա­պի­նա Ֆրէյ­զըր յայտ­նեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րու ո­րոն­ման գոր­ծին մէջ։ «day.az» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան յայտ­նեց, որ ներ­կա­յիս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կէն ներս ԵՄ-ը կը ներ­կա­յա­ցուի Ֆրան­սա­յի կող­մէ, սա­կայն ԵՄ-ի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կրնայ դի­տոր­դա­կան գոր­ծա­ռոյթ­ներ ի­րա­կա­նաց­նել, յատ­կա­պէս կող­մե­րու մի­ջեւ ու­ղիղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ։ ԵՄ եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը կրնան նաեւ մշա­կել յա­տուկ ծրագ­րեր՝ նպա­տա­կաուղ­ղուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս եւ ա­նոր շուրջ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ա­պա­հով­ման, ինչ­պէս ե­ղած է Վրաս­տա­նի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու գօ­տիէն ներս։ «Սա­կայն քիչ հա­ւա­նա­կան է, որ ԵՄ սա­տա­րէ հա­կա­մարտ կող­մե­րէն մէ­կուն», ը­սաւ ան։

Հար­ցազ­րոյ­ցին տե­ւո­ղու­թեան Սա­պի­նա Ֆրէյ­զըր ար­տա­յայ­տած է այն հա­մո­զու­մը, թէ ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար դժուար է լուրջ դեր ստանձ­նել հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք չու­նին ընդ­հա­նուր, հա­մա­ձայ­նե­ցուած կար­ծիք մը այդ ա­ռըն­չու­թեամբ, թէ ար­դեօք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ պէտք է ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի մա՞ս, թէ ան­կախ պե­տու­թիւն։ «Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ԵՄ-ի եր­կիր­նե­րը չեն սի­րեր ան­ջա­տա­կան շար­ժում­ներ, կը նա­խընտ­րեն խու­սա­փիլ սահ­ման­նե­րու փո­փո­խու­մէն», ը­սաւ Ֆրէյ­զըր եւ ա­ւել­ցուց, որ ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րը կը ճանչ­նան Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն սա չի նշա­նա­կեր, որ ա­նոնք դէմ են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնա­կիչ­նե­րուն ի­րենց ա­պա­գայ կար­գա­վի­ճա­կը ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քի տրա­մադր­ման։ Փոր­ձա­գէ­տը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը դէմ չեն, որ­պէս­զի ԵՄ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղայ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Մինս­քեան խմբա­կի  ֆրան­սա­ցի նախ­կին հա­մա­նա­խա­գա­հը՝ Պեռ­նար Ֆա­սիէ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն կը տե­ղե­կաց­նէր բա­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ձեռք­բե­րում­նե­րուն շուրջ։ ԵՄ-ի յա­տուկ դերն ալ աս­տի­ճա­նա­բար կ՚ա­ճի։ «Թէեւ, ան­կեղծ խօս­քով, ես կը կար­ծեմ, որ ԵՄ-ի պե­տու­թիւն­նե­րու շրջա­նէն ներս շա­տեր կը ցան­կան գոր­ծօն դեր մը խա­ղալ այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ եւ փո­խա­րի­նել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը։ Ա­նոնք միան­գա­մայն կը բա­ւա­րա­րէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու առ­կայ ձե­ւա­չա­փը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ՄԱԿ-ի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մե­ծա­ցումն ալ հնա­րա­ւոր է, սա­կայն եր­կու զու­գա­հեռ միջ­նորդ­նե­րու կամ եր­կու զուա­գա­հեռ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րու գո­յու­թիւ­նը օ­գուտ չի բե­րեր գոր­ծին», ը­սաւ Ֆրէյ­զըր ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յայտ­նեց այն հա­մո­զու­մը, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­կա­մարտ կող­մե­րու հետ հա­մա­տեղ մշա­կած հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը լա­ւա­գոյն ճա­նա­պար­հը կը հան­դի­սա­նան յա­ռա­ջըն­թա­ցի հա­մար։

«Ատր­պէյ­ճան հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ ը­րած է հա­մա­պա­ր­­փակ հա­մա­ձայ­նագ­րի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն մէջ բռնագ­րա­ւեալ եօթ շրջան­նե­րու ա­զա­տագր­ման եւ բո­լոր ներ­քին վե­րաբ­նակ­նե­րու ի­րենց տու­նե­րը, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քէն ներս՝ վե­րա­դարձ­նե­լու մա­սին կէտ մը նե­րառ­նե­լու հա­մար։ Հիմ­նա­կան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ա­ռըն­չուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­ւա­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կին։ Հա­յաս­տան կը պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը նե­րառ­նուի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն մէջ, Ատր­պէյ­ճան բա­ցար­ձա­կա­պէս դէմ է այս բա­նին։ Ան­ձամբ ես կը կար­ծեմ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի շուրջ ո­րո­շու­մը պէտք է թո­ղուի ա­պա­գա­յին՝ երբ հա­յե­րու եւ ա­զէ­րի­նե­րու մի­ջեւ վե­րա­կանգ­նուի փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը», ը­սաւ Ֆրէյ­զըր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017