ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԿՇՌԻ ՏԱԿ Կ՚ԱՌՆՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՈՂՄԷ

Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ վե­րի­վայ­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) ըն­դու­նեց Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ժխտա­կան ո­րո­շում մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Այս­պէս, ԵԽՎՎ ո­րո­շեց Թուր­քիան վե-րըս­տին առ­նել քա­ղա­քա­կան հա­կակշ­ռի տակ։ 2004 թուա­կա­նէն  ի վեր Թուր­քիա այդ հա­կակշ­ռէն զերծ էր։ ԵԽԽՎ-ի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին ձայ­նե­րու 113-45 յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նուե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ ո­րո­շու­մը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ բուռն բո­ղոք յայտ­նե­ցին այս ո­րոշ­ման դէմ։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, որ այս ո­րո­շու­մը ու­նի քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն եւ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ Թուր­քիոյ ի­րա­կա­նու­թեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017