ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հնդկաստանի փոխ-նախագահ Համիտ Անսար դէպի Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց Համիտ Անսարի Հայաստան այցը եւ յոյս յայտնեց, որ սա նոր լիցք մը պիտի հաղորդէ հայ-հնդկական դարաւոր բարեկամութեան։ Անդրադառնալով հայ-հնդկական պատմական առընչութիւններուն՝ Նախագահ Սարգսեան նկատեց, որ տակաւին 17-19-րդ դարերու Հնդկաստանի մէջ հայկական կազմակերպուած համայնքները աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած են երկրի հասարակական, քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կեանքէն ներս։ Սերժ Սարգսեան մէջբերեց Կալկաթա քաղաքի օրինակը՝ մանաւանդ, որ այդ մէկը Համիտ Անսարի ծննդավայրն է։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները երկուստեք համակարծիք գտնուեցան, որ հազարամեակներու պատմութիւնով հայ-հնդկական յարաբերութիւնները ամուր հիմք են միջպետական կապերու ամրապընդ-ման եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու համար։ Սարգսեան եւ Անսար կարեւորեցին բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները եւ զանազան մակարդակներու վրայ աշխոյժ շփումները, ներառեալ երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմինները։
Համիտ Անսար հանդիպման ընթացքին Սարգսեանին փոխանցեց Հնդկաստանի Նախագահ Մուքերճիի պատգամը։ Հարկ է նշել, որ Մուքերճի այդ պատգամին մէջ հրաւէր կ՚ուղղէր՝ որպէսզի Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Հնդկաստան՝ քննարկելու համար համագործակցութեան օրակարգն ու յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։
Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանի իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն։
Օրուան տեւողութեան Անսար Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Բարձրաստիճան հիւրը յարգանքի այց մը տուաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։