ՉԵԽԻԱ ԻՒՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅՈՑ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
Չեխիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այս բանաձեւին հեղինակն էր Սոցիալ-դեմոկրատ Ռոպին Պեոհնիշ, որ կը գլխաւորէ Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ընդունուած նախագծին մէջնշուած է հետեւեալը. «Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատը կը դատապարտէ Բ. համաշխարհային պատերազմի ժամանակ նացիներու կողմէ գրաւուած տարածքներէն ներս մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները հրեաներու, գնչուներու եւ սլաւներու դէմ, Ա. համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ազգային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնները Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս, ինչպէս նաեւ երկրագունդի այլ տարածքներէն ներս կատարուած ցեղասպանական բռնութիւնները եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ արդիւնաւէտօրէն կանխելու մարդու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ոտնահարումները աշխարհի վրայ եւ վէճերու լուծումը խաղաղ միջոցներով»։
Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Ապրիլի 14-ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր վերոյիշեալ բանաձեւը, որու բովանդակութեան մէջ կը դատապարտուին նաեւ ուրացման ջանքերը։
Հարկ է նշել, որ այս տարի, Ապրիլի 24-ի առթիւ, Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման զօրակցութիւն յայտնած էր իր երկրի հայ համայնքին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին կապակցութեամբ։