ԱՄԵՆԱՄՕՏԻԿ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ի սկզբանէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը համարած է իր իսկ խնդիրը։ «Մեր մեծագոյն փափաքն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փութով կարգաւորուի՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն, նաեւ ՄԱԿ-ի պատկան որոշումներուն ծիրէն ներս։ Այս ուղղութեամբ ցայսօր Ատրպէյճանի ի նպաստ մեր կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը պիտի տեւականացնենք վճռակամութեամբ», ըսաւ Էրտողան։

Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի Համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ նիստը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ալիեւը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն եւ վերընտրուելէ վերջ Իլհամ Ալիեւ առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան համար եկաւ Թուրքիա։ Էրտողան ընդգծեց, որ այս առումով դրական նախընթաց մը ստեղծուած է եւ ինքն ալ կը նախատեսէ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ առաջին այցելութիւնը տալ Պաքու։

Բանակցութիւնները գլխաւորելու առընթեր Էրտողան եւ Ալիեւ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցան Անգարայի մէջ։ Ազէրի ղեկավարի խօսքով՝ այս երկու երկիրները աշխարհի վրայ ամենամօտիկ երկիրներն են ու ամենասերտ դաշնակիցները։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր՝ երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կեանքի պիտի կոչեն նոր ծրագրեր։

Իզմիրի մէջ, Ալիաղայի «Սթար» զտարանի շինարարութիւնը արդէն վերջացած է։ Էրտողան եւ Ալիեւ այդ մէկուն բացումը պիտի կատարեն Սեպտեմբերին կամ Հոկտեմբերին։ Այսպէսով Ա-տըրպէյճան պիտի դառնայ թիւ մէկ արտասահմանեան ներդրողը Թուրքիոյ մէջ։

Իր կարգին, Ալիեւն ալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ յայտնեց, որ Թուրքիա միշտ եղած է իր երկրին հետ։ Թուրքիոյ չափ այլ որեւէ երկիր չէ զօրակցած Ատրպէյճանին։ Միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ Թուրքիա պաշտպանած է Ատրպէյճանի արդարութիւնը։ «Այս աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ուժ կու տայ մեզի», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018