ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ՝ ՍԽԱԼԻ ՓՈԽԱՐԷՆ…

Նիւեորքցի ուսանող մը Apple-էն 1 միլիառ տոլար պահանջած է դէմքերու ճանաչման համակարգի սխալի համար։ Այսպէս, նիւեորքցի ուսանողը 1 միլիառ տոլարի հայց յարուցած է Միացեալ Նահանգներու Apple ընկերութեան դէմ, խանութներու մէջ դէմքերու ճանաչման համակարգի սխալի պատճառով, որով ան ընդունուած է փնտռուող յանցագործին տեղ։

18-ամեայ Ուսման Պահ կը պնդէ, որ 2018 թուականի նոյեմբերին Նիւ Եորքի իր տան մէջ ձերբակալած եւ մեղադրած են զինք, Apple-ի խանութներուն մէջ քանի մը գողութիւններ կատարած ըլլալու յանցանքով: Կալանագիրը ունի կասկածեալի լուսանկարը, որ, ուսանողի կարծիքով՝ իրեն նման չէ: Ան նաեւ նշած է, որ գողութիւններէն մէկը, որով զինք մեղադրած են, կատարուած է յունիսին Պոսթընի մէջ այն օրը, երբ ինք գտնուած է իր աւարտական միջոցառման Մենհեթթընի շրջանէն ներս:

Պահ պատմած է, որ մինչ այդ ինք կորսնցուցած է վարորդական իրաւունքը։ Այնտեղ լուսանկար չկար, բայց, Պահի կարծիքով՝ ան կրնայ յայտնուած ըլլալ իսկական գողի մօտ եւ որպէս ինքնութեան թուղթ օգտագործուած՝ Apple-ի խանութներուն մէջ: Ասոր հետեւանքով դէմքերու ճանաչման համակարգը կրնար սխալմամբ Պահի անունը կապել չարագործի դէմքի հետ:

Apple-ը եւ Security Industry Specialists պահպանական ընկերութիւնը, որ նշուած է որպէս երկրորդ պատասխանող, հրաժարած են այս արարքի վերաբերեալ մեկնաբանութիւններէ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019