ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՈՍԿԻԷ ԼՈԳԱՐԱՆ

Ճաբոնի մէջ յայտնուած է աշխարհի ամենամեծ ոսկիէ լոգարանը։ Այսպէս, ապրիլի 22-ին զուտ ոսկիէ պատրաստուած աւելի քան 150 քիլօկրամ ծանրութեամբ աշխարհի ամենախոշոր լոգարանը տեղակայւած է Ճաբոնի Քիւսիւ կղզիի Սասեպօ քաղաքի առողջարանային գօտիի ջերմուկներու տաղաւարին մէջ: Այս մասին յայտնած է Kyodo լրատուական գործակալութիւնը, թէ ան անմիջապէս արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։ Արդեօք կարելի՞ է օգտուիլ այդ լոգարանէն, այնտեղ ինչպէս աղբիւրներէն կը ստացուի բուժիչ ջուրը եւ այլ բաներ։

Ճամբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ խումբ մը վարպետներ պատրաստած են 18 քարաթ ոսկիէ լոգարանը, որ արժած է 800 միլիոն եէն (աւելի քան 7.1 միլիոն տոլար)։ Կլոր ձեւ ունի լոգարանը, որու մէջ կրնայ տեղաւորուիլ երկու հոգի։ Ոսկիէ լոգարանէն օգտուելու համար տաղաւարի սեփականատէրերը կը նախատեսեն մէկ ժամուան համար մէկ հոգիէն առնել 5.4 հազար եէն (աւելի քան 48 տոլար)։ Սասեպոյի ջերմուկներու աշխարհահռչակ են իրենց ջուրով, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ նաթրիում։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019