ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ-Ունի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Քորէա ունի հիւլէական զէնքեր եւ սա միջազգային բեմահարթակի մը վրայ կը համարուի լուրջ մարտահրաւէր մը։ Քիմ Եոնկ-Ուն մօտաւոր անցեալին այս հարցին շուրջ երկու հանդիպումներ ունեցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, սակայն շօշափելի արդիւնք մը չէր արձանագրուած։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ներկայիս Փութին երէկուան հանդիպումով խլած է այս հարցին շուրջ միջնորդի դերը։  Ամերիկեան մամուլն ալ մօտէն հետեւած է երէկուան հանդիպման ու կը գրէ, որ Հիւսիսային Քորէա կը ջանայ ցոյց տալ, որ Ուաշինկթընէ դուրս այլընտրանքներ ալ ունի։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Ռուսաստանի մէջ աշխատող շուրջ 30 հազար հիւսիսային քորէացի բանուորներու վերաբերեալ հարցեր։ ՄԱԿ կը պահանջէ, որ անոնք այս տարի վերադառնան իրենց երկիրը, սակայն Հիւսիսային Քորէա կը նախընտրէ բանուորներու Ռուսաստանի մէջ մնալը, որովհետեւ անոնք հասոյթի կարեւոր աղբիւր մը կը հանդիսանան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019