ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՓԱՆՏԱՆԵՐԸ

Չինաստանի Սիչուան նահանգի Չենտու քաղաքի փանտաներու բազմացման կեդրոնին մէջ ներկայիս կը բնակին 195 մեծ փանտաներ: Մեծ փանտաներու բուծման կեդրոնը կը համարուի պաշտպանական, գիտական, հետազօտական, հասարակական, կրթական եւ զբօսաշրջային համաշխարհային խարիսխ մը, որու ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 100 հեքտար:

 «1980-ական թուականին այս կեդրոնին մէջ կային հիւանդ եւ անօթի վեց մեծ փանտաներ։ Շնորհիւ այս կեդրոնին, մենք կրցանք այդ վեց փանտաները բազմացնել։ Ներկայիս կեդրոնին մէջ կը բնակին 152 մեծ փանտաներ», ըսաւ կեդրոնի աշխատակից Վէյ Ուվէն։

Ան ընդգծեց, որ համաշխարհային փորձագէտներու համատեղ աշխատանքի արդիւնքին իրենց կեդրոնը կրցաւ աւելցնել փանտաներու թիւը։

Վէյ Ուվէն նշեց, որ 1980-ական թուականներէն ի վեր իրենց կեդրոնը բնութենէն չէ բերած նոյնիսկ մէկ փանտա։

«Մեծ փանտաներու երկարութիւնը կը հասնի 1.5 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը 100-150 քիլօկրամի: Օրական մեծ փանտա մը կ՚ուտէ ինչեւ 30 քիլօկրամ պամպու եւ իր սովորութեան համաձայն կը քնանայ մօտաւորապէս 12 ժամ», ըսաւ կեդրոնի աշխատակիցը։

Չինարէնով փանտան կը կոչեն «շնմաօ», որ թարգմանաբար կը նշանակէ արջ-կատու: Գիտնականները երկար ժամանակ բանավէճի մէջ էին, թէ ո՞ր ընտանիքին կը պատկանի մեծ փանտան՝ ջրարջերո՞ւ, թէ արջերու ընտանիքին. ի վերջոյ յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ փանտաները կը պատկանին արջերու ընտանիքին։

Վայրի բնութեան մէջ մեծ փանտաները կարելի է գտնել միայն Չինաստանի արեւմտեան՝ Սիչուան, Քանսու եւ Թիպէթ նահանգներուն մէջ: Վայրի բնութեան մէջ մնացած են ընդամէնը 1600 մեծ փանտաներ եւ Չինաստանի մէջ այս հմայիչ կենդանիի որսորդութիւնն ու երկրի սահմաններէն դուրս բերուիլը արգիլուած են։ Փանտան ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, որպէս աշխարհի ամենագեղեցիկ կենդանին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019