ՎԱՃԱՌՈՒԱԾ Է ՃՈՆ ԼԵՆԸՆԻ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԸ

Այն դաշնամուրը, որով նուագած է The Beatles խումբի հիմնադիրներէն մէկը՝ Ճոն Լենըն (1940-1980), վաճառուած է Gotta Have Rock and Roll ընկերութեան կազմակերպած համացանցային աճուրդով:

Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած ընկերութեան ներկայացուցիչները ըսին, որ երաժշտական գործիքը պատրաստուած է մօտաւորապէս 1872 թուականին։ Կ՚ենթադրուի, որ Ճոն Լենըն դաշնամուրը առած է 1966 թուականին։ Ան զանազան ժամանակներու գտնուած է Մեծն Բրիտանիոյ անոր երկու տուներուն մէջ։ Ընկերութեան փորձագէտները կը պնդեն, որ Լենըն այդ դաշնամուրին վրայ կատարած է յօրինումներ, երբ երգեր գրած է։ Անոնցմէ մի քանին աւելի վերջ տեղ գտած են Sgt. Pepper՚s Lonely Hearts Club Band (1967) ալպոմին մէջ: Gotta Have Rock and Roll կայքէջը տեղեկացուցած է, թէ ընկերութեան փորձագէտները յոյս ունէին այդ հնութենէն ստանալ 800 հազարէն մինչեւ 1.2 միլիոն տոլար: Սակայն դաշնամուրը վաճառուած է 575 հազար տոլարով։ Գնորդը վճարած է աճուրդային տուրքը՝ նշուած գումարին 25 տոկոսը։ Երաժշտական գործիքներու ամերիկացի հաւաքորդ Ճիմ Իրսէյ Twitter-ի մէջ գրած է, որ նոր տէրը դարձած է ինքը: Forbes հանդէսի գնահատումներով՝ Իրսէյ 2.7 միլիառ տոլարի հարստութեան տէր է: Անոր հաւաքածոյի մաս կը կազմեն, մասնաւորապէս, կիթառներ, որոնք կը պատկանին Լենընին, Ռինկօ Սթարին եւ Պոպ Տիլընին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019