ԱՄՆ ՃԱՆՉՑԱՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Մեծ Եղեռնի կապակցութեամբ պաշտօնապէս իւրացուց հայոց տեսակէտները՝ 1915 թուականի դէպքերը որակելով ցեղասպանութիւն։ Այս տարուայ Ապրիլի 24-ին, սովորականէ շատ աւելի տարբեր ձեւով ուշադրութեան առանցքին էր Ուաշինկթընը։ ԱՄՆ-ի մէջ իւրաքանչիւր նոր նախագահի առաջին 24 Ապրիլին միշտ հաւանականութիւնը կ՚աւելնար՝ Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամին մէջ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործման ուղղութեամբ։ Այս տարի այդ ակնկալութիւնները հասած էին իրենց գագաթնակէտին եւ այս անգամ արդարացան։ Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ նոր վիճակ մը ստեղծեց հայկական հարցին տեսակէտէ։ Նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակուեցան ցեղասպանութիւն եւ այսպէսով ԱՄՆ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Պատգամի ընդհանուր բովանդակութիւնը այդքան ալ տարբեր չէր Ճօ Պայտընի նախորդներու հրապարակումներէն, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներու բանաձեւումները արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը համընկնէին հայկական ընկալումներուն, սակայն բառամթերքի նախընտրութեան իմաստով գոյացած էր կարմիր գիծ մը։ Պայտըն այս տարի այդ կարմիր գիծը հատեց եւ այսպէսով Ուաշինկթընի քաղաքականութեան մէջ արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։

Թուրքիոյ մէջ շատ լայն արձագանգ գտան այս իրադարձութիւնները, բնականաբար, ծնունդ տուին նաեւ բողոքի մեծ ալիքի մը։ Թուրքիոյ հակազդեցութիւններուն անմիջապէս միացաւ նաեւ Ատրպէյճան։ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ բարձրացուած ձայնին միացան նաեւ քաղաքական բոլոր շրջանակներն ու հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերը։ Թրքական կողմը յստակօրէն շեշտեց, որ բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը։ Անգարայի բուռն բողոքին զուգահեռ Պաքուն ալ պախարակեց Ուաշինկթընի կողմէ առնուած քայլը՝ յայտնելով իր ափսոսանքը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ արժեւորելով կացութիւնը։

Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Սպիտակ տան կողմէ կատարուած յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իր նկատառման յանձ-նըւեցաւ Թուրքիոյ բուռն բողոքը։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, շեշտուեցաւ, որ Պայտընի յայտարարութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացուցած է վէրք մը, որու սպիացումը դժուար պիտի ըլլայ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչ այդ արդէն հանդէս եկած էր պաշտօնական յայտարարութիւնով մը, նոյնպէս նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ թարգման հանդիսացած էր թրքական կողմի ցասումին։

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ յայտնեց, որ Պայտընի յայտարարութիւնը առ ոչինչ կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ան խորհուրդ տուաւ, որ ամերիկեան կողմը նայի սեփական անցեալին։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ եւ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք եւս արձագանգեցին այս իրադարձութեան։ Շենթոփ եւ Չելիք նշեցին, որ այս որոշումը կը կացինահարէ Կովկասի մէջ համերաշխութիւնը։ Անգարայի պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ զուգահեռաբար թըր-քական բոլոր լրատուամիջոցները կը յիշեցնեն, որ այս որոշումը իրաւական տեսակէտէ որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթունն ալ մերժելի համարեց Պայտընի պատգամը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Պայտընի յայտարարութիւնը որեւէ նպատակի պիտի չծառայէ՝ բացի կարգ մը շրջանակները բաւարարելէ։ Մամուլի մեկնաբանները կը շեշտեն, որ իր պաշտօնավարութեան առաջին քայլափոխին Ճօ Պայտըն անձնատուր եղած է հայկական լոպիին։

Խորհրդարանի քաղաքական ուժերէն ՃՀՓ, ՄՀՓ եւ «Իյի» կուսակցութիւններն ալ բողոքով արձագանգեցին այս իրադարձութեան։ ՃՀՓ-ի բանբեր Էօզթրաք նշեց, որ թէ՛ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ դըժ-ւար ամոքելի վէրքեր պիտի բացուին։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի նշեց, որ Պայտընի այս գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւնը կը բովանդակէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները հունէ դուրս բերելու ռիսք մը։ «Իյի» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներն ալ յայտնեց, որ Պայտընի յայտարարութիւնները հեռու են իրականութենէ ու ծանր յարձակում մը կը նկատուին թուրք ազգի հեղինակութեան դէմ։

Մամուլը տեղ կու տայ նաեւ «Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէքի յայտարարութիւններուն։ Ան թէեւ կը ղեկավարէ կուսակցութիւն մը, որ այդքան ալ զանգուածային չի համարուիր, սակայն, հայկական հարցի տեսակէտէ առանցքային դերակատար մը կը նկատուի Թուրքիոյ մէջ՝ պաշտօնական մօտեցումներուն հետամուտ ըլլալով։ Փերինչէք քանի մը տարի առաջ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին մօտ դատ մըն ալ շահած էր՝ իրեն վերագրուած ժխտողականութեան մեղադրանքին դէմ։ Ան Պայտընի յայտարարութեան կապակցութեամբ յայտնած է, որ ցեղասպանութեան մասին միայն իրաւասու դատարան մը կրնայ որոշում կայացնել, հետեւաբար Ճօ Պայտըն այդ տեսակէտէ որեւէ լիազօրութիւն չունի։

Ի տարբերութիւն Անգարայի, Երեւանի ղեկավարութիւնը ողջունեց Ուաշինկթընի կողմէ առնուած քայլը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Ճօ Պայտընին։ Արմէն Սարգսեան համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ համարեց Պայտընի յայտարարութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Պայտընի պատգամը որակեց հզօր քայլ մը՝ ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան ճանապարհին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս կապակցութեամբ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով ողջունեց Պայտընի պատգամը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութեան լոյսին տակ նամակ մը ուղարկեց նախագահ Ճօ Պայտընին։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ-ի կողմէ յատկապէս այս պատմականօրէն դժուարին պահուն ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի ուրոյն կարեւորութիւն՝ հաշուի առնելով Արցախի դէմ սանձազերծուած՝ 2020 թուականի աշնան պատերազմը, որու հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՚ակնկալէ ամբողջ միջազգային հանրութեան շուտափոյթ մարդասիրական ներգրաւումը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021